image

Նախարար Տօնոյեան Մոսկուայի մէջ մասնակցած է «Շանկհայի համագործակցութեան դաշինք»ի պաշտպանութեան ոլորտի նիստին

Նախարար Տօնոյեան Մոսկուայի մէջ մասնակցած է «Շանկհայի համագործակցութեան դաշինք»ի պաշտպանութեան ոլորտի նիստին

4 Սեպտեմբերին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը Մոսկուայի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ, Շանհաեան համագործակցութեան կազմակերպութեան /ՇՀԿ/ եւ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու համատեղ նիստին: Այս մասին կը յայտնէ ՊՆ մամուլի խօսնակը:

Նիստի բացման խօսքին մէջ ՌԴ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն նշած է, որ նման ձեւաչափով հանդիպումը առաջինն է եւ վստահութիւն յայտնած է, որ միջազգային ռազմական համագործակցութիւնն այս հանդիպումէն ետք առաւել կ'աշխուժանայ, իսկ նիստի արդիւնքները պիտի նպաստեն գերատեսչութիւններու փոխգործակցութեան խորացման:

ՌԴ ՊՆ մասնագէտները պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուցած են «Քորոնա» ժահրային վարակի դէմ աշխարհի մէջ առաջինը գրանցուած ռուսական պատուաստանիւթի մշակման եւ փորձարկման մանրամասներ:

Նիստի մասնակիցները այցելած են նաեւ մերձմոսկովեան ՌԴ ԶՈՒ Գլխաւոր տաճար եւ «Յիշողութեան ճանապարհ» թանգարանային համալիր:

Դաւիթ Տօնոյեանը «Յիշողութեան ճանապարհ» համալիրի բազմագործօն որոնման համակարգի միջոցով գտած է Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակից պապի՝ Յովհաննէս Պօղոսի Յակոբովի մասին փաստեր:

«Յիշողութեան ճանապարհ» թանգարանային համալիրը ստեղծուած է Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակից խորհրդային զինուորներու յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով: Այժմ այն կը ներառէ 33 միլիոն գրառում եւ լուսանկար:

Նիստի շրջածիրէն ներս ստորագրուած են ԱՊՀ եւ ՀԱՊԿ շրջանակներէն ներս շարք մը փաստաթուղթեր: