image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Բակօ Սահակեան աշխատանքային խորհրդակցութիւն վարած է շրջվարչակազմերու ղեկավարներու հետ

Նախագահ Բակօ Սահակեան աշխատանքային խորհրդակցութիւն վարած է շրջվարչակազմերու ղեկավարներու հետ

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 7 մարտին աշխատանքային խորհրդակցութիւն հրաւիրած է շրջվարչակազմերու ղեկավարներու եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետի մասնակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ Նախագահի մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութենէն։

Քննարկուած են շրջաններուն եւ մայրաքաղաքին մէջ իրականացուող շարք մը ծրագրերու վերաբերող հարցեր:

Երկրի ղեկավարը յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն՝ քննարկուած խնդիրներու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ: