image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Ասատ. «Պատրաստ եմ բազմակուսակցական ընտրութիւններ կազմակերպել»

Նախագահ Ասատ. «Պատրաստ եմ բազմակուսակցական ընտրութիւններ կազմակերպել»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է բազմակուսակցական հիմունքներով ընտրութիւններու կազմակերպման ռուսական փորձին վերաբերեալ եւ

ուրիոյ մէջ այդ փորձը կիրառելու պատրաստակամութիւն յայտնած է:

Ռուսաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր, Սուրիոյ խորհրդարանի հետ յարաբերութիւններու համակրգող Տմիթրի Սապլին Ասատի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն ըսած է, որ Սուրիոյ նախագահը հետաքրքրութիւն յայտնած է Ռուսաստանի մէջ կուսակցական եւ խորհրդարանական աշխատանքի կազմակերպման ձեւի վերաբերեալ եւ կարեւորած է այդ մէկը Սուրիոյ համար, որ Ռուսաստանի նման

բազմակուսակցական եւ բազմակրօն պետութիւն է:

Ռուս պատգամաւորի համաձայն, Ասատ նաեւ շեշտած է «միջազգային խորհրդարանական հարթակներու» վրայ աշխատելու կարեւորութիւնը: