image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուայի մէջ լայնածաւալ ցոյցեր. Ձերբակալուած են հարիւրաւոր բողոքարարներ

Մոսկուայի մէջ լայնածաւալ ցոյցեր. Ձերբակալուած են  հարիւրաւոր բողոքարարներ

Մոսկուայի քաղաքապետարանի շէնքի մօտ նախատեսուած բողոքի ցոյցին ընդառաջ բերման ենթարկուածներու թիւը հասած է 435-ի, կը գրէ meduza.io-ն։ Աւելի վաղ հաղորդուած էր 211 բերման ենթարկուածի մասին։ Կը նշուի, որ ձերբակալուածներու զգալի մասը Մոսկուայի բնակիչ չէ։ 

Կը հաղորդուի, որ ներկայ պահի դրութեամբ բողոքի ցոյցի մասնակիցներու թիւը 3500-ի կը հասնի, որոնցմէ շուրջ 700-ը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ են։ 

Համացանցի վրայ տեսանիւթ տարածուած է, որու մէջ կ'երեւի՝ ինչպէս ոստիկանութեան աշխատակիցները կը ներխուժեն «Навальный Live» հեռուստաալիքի կեդրոն, որու լրագրողը ուղիղ եթերով Մոսկուայի կեդրոնէն կը լուսաբանէր ցոյցը։ Հեռարձակումը ընդհատուած է, սակայն քիչ անց վերականգնուած է։ 

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Մոսկուայի մէջ բազմահազար հանրահաւաք տեղի ունեցած էին, յաջակցութիւն չգրանցուած թեկնածուներու, որոնք կը ցանկան մասնակցիլ Մոսկուայի քաղաքային տումայի ընտրութիւններուն: Հանրահաւաքին մասնակցած են ընտրութիւններուն մասնակցելու թոյլտւութիւն չստացած թեկնածուները, եւ անոնց աջակիցները: