image

Մոսկուա նոր առաջարկ ունի Սուրիոյ համար

Մոսկուա նոր առաջարկ ունի Սուրիոյ համար

 Ռուսաստան նոր ծրագիր մը պատրաստած է Սուրիոյ համար: Այդ մասին խօսած է Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ռուսական ուժերու ընդհանուր հրմանատար զօր. Սէրկէյ Քորալէնքօ: Ռուս զինուորականը ըսած է, որ իրենք հետամուտ են յատկապէս հրադադարի դրութիւնը յարգող շրջաններուն մէջ ստեղծել «խաղաղութեան մարմին»ներ, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ հաշտութիւն կայացնել հակամարտող կողմերուն միջեւ:

 Ըստ ռուս զինուորականին այդ մարմիններու աշխատանքը ռուսական ուժերէն բացի պիտի հսկեն Իրանն ու Թուրքիան:

 Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ որ շրջաններուն մէջ պիտո հաստատուին այդ մարմինները, ռուս պատասխանատուն նշած է, թէ գալիք հանգրուանին այդպիսի մարմիններ պիտի ստեղծուին Հոմսի հիւսիսային շրջաններուն, ինչպէս նաեւ  Դամասկոսի արեւելեան հատուածներուն մէջ: