«Արեւելք»- Քրիստոնէական միութեան շաբթուան առթիւ աղօթքի արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Լոնտոնի Հայ Առաքելական Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութիւնը պիտի կայացուի այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին: Մեր թղթակիցին հաղորդմամբ արարողութեան պիտի նախագահէ Մեծն Բրիտանիոյ Հայ Առաքելական Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան եւ աղօթքին ներկայ պիտի ըլլան քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: