image

Մեծ Թիւով Հալէպահայ Ընտանիքներ Գանատա Հաստատուած Են

Մեծ Թիւով Հալէպահայ  Ընտանիքներ  Գանատա   Հաստատուած Են

Սուրիոյ արիւնաքամ   պատերազմը  կը    կը  շարունակէ  իր   ծանր հետեւանքները ձգել Միջին  Արեւելքի    երբեմնի «հայկական բերդ» որակուած   Հալէպին վրայ: «Արեւելք»ի ունեցած  տեղեկութիւններով  վերջին ամիսներուն մեծ թիւով հայ ընտանիքներ     հեռացած են Հալէպէն եւ հասած Գանատա: Մեր աղբիւրները  նաեւ կը նշեն, որ «Հայ Տուն»  անունով    միութիւն մը կը ստանձնէ հալէպահայ ընտանիքներուն փոխադրութիւնը` մինչեւ Մոնթրէալ եւ Թորոնթո: Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն       Հալէպէն հեռացումը կ'ըլլայ երկու հանգրուաններով: Առաջին հանգրուանին    փափաք յայտնած եւ   վերջնականապէս Հալէպը  լքել որոշած ընտանիքներու անդամներ կը մեկնին Պէյրութ, ուր կ'ընդունին տեղի գանատական դեսպանատան  կողմէ,   եւ ապա      շուրջ  3   ամիս տեւող թղթատարական գործերու  աւարտէն ետք        յատուկ արտօնութիւն կը ստանան Գանատա մուտք գործելու, եւ   ժամանակ մը վերջ    լեզու  չիմացողները կը սկսին հետեւիլ յատուկ դասընթացքներու:  Կը  տեղեկանանք նաեւ,  որ Գանատա հասնելու ծախսերը   վճարելու    կարողութիւն չունեցող հայ անհատները  իրենց բաժին ինկած գումարը կը վճարեն աւելի  ուշ:  Մեր աղբիւրներուն համաձայն,   անցնող օրերուն հալէպահայութեան տարբեր շրջանակներու մօտ  երկրէն հեռանալու       երեւելի  միտումներ կան: