image

Մեր Տիկին Լուսինին...Յասմիկ Շահինեան

Մեր Տիկին Լուսինին...Յասմիկ Շահինեան

Համազգայինի Մարսիլիոյ վարժարանին տնօրէնութիւնը եւ վարչութիւնը Տիկին Լուսին Մալիքեանին համար հոգեճաշ մը կազմակերպած էին Ուրբաթ, Յունիս 23-ին վարժարանի ճաշասրահին մէջ։ Ինչպէս դպրոցի տնօրէնուհին Տիկին Սեդա Պիպէրեան ըսաւ՝ բոլորը ցնցուած էին Տիկին Լուսինի մահուան լուրը առնելով եւ կարիքը զգացած՝ քով-քովի գալու, ջերմ մթնոլորտի մէջ յիշելու զինքը, բաժնելու իրենց ապրումներն ու զգացումները եւ միասին սգալու իր կորուստը։
Տիկին Լուսինին հետ աշխատած ուսուցիչները կը պատմէին դրուագներ իրենց բաժնած առօրեայէն, կը յիշէին իր ոգեւորուած աշխատանքը, կատակները… եւ բարկութիւնները, կը յիշէին նաեւ դժուար պայմանները, որոնց մէջ դպրոցը կը գործէր, եւ իր ժպիտը, որ մի՜շտ իր դէմքին էր, որքան որ ալ բարդ ըլլար առօրեան։ Ոմանք կը պատմէին Տիկին Լուսինի եւ ուրիշ ուսուցիչներու հետ իրենց ճամբորդութիւնը դէպի Լիբանան, այցելութիւն՝ Պէյրութի Ճեմարանը, պտոյտներ՝ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ… Շատեր կը յիշէին իր երգերը, մանաւանդ հռչակաւոր «Փանթալոնիս կոճակը», որուն բառերը, իր ձեռագրով գրուած, ուսուցչուհի մը բերած էր հետը։ Ուրիշ ուսուցչուհի մը կը պատմէր, որ մինչեւ վերջերս, ամէն անգամ որ իրեն այցելութեան երթար, ան կը հարցնէր դպրոցին մասին, կ’ուզէր գիտնալ ի՛նչ պիտի ըլլար ամավերջի հանդէսին նիւթը, կարծիք եւ խրատ կու տար։ «Երբ որ դպրոցի մասին խօսէր, Տիկին Լուսինին աչքերը կը փայլէին», կ’ըսէր ուսուցչուհին։ Դպրոցը յաճախած առաջին սերունդներու աշակերտները յուզումով եւ խանդավառութեամբ կը պատմէին իրենց ըրած չարաճճիութիւնները եւ ուսուցիչներուն հակազդեցութիւնները. կը պատմէին ու կը խնդային։ Անոնք որոնք հաճոյքը չէին ունեցած ողբացեալին անձամբ ծանօթանալու՝ կը խօսէին դպրոցին վրայ ձգած իր շուքին մասին։ Ջերմ, հարազատ մթնոլորտ մը կը տիրէր. կարծես Տիկին Լուսին հո՛ն ըլլար, մեզի հետ։ Ան յստակօրէն իր կնիքը դրած էր մեզմէ ամէն մէկուն վրայ, զանազան ձեւերով։ Եւ մենք բոլորս, հաւաքուած իր այնքա՛ն սիրած դպրոցին մէջ, կարծես կ’անդրադառնայինք թէ որքա՛ն կապուած էինք այդ բացառիկ անձին։
Հոգեճաշէն ետք պզտիկ խումբերով խօսակցութիւնները կը շարունակուէին դպրոցին առջեւ։ Արեւը մար մտած էր արդէն եւ ներկաները կամաց-կամաց հրաժեշտ կ’առնէին իրարմէ։ Մուտքի նստարաններէն մէկուն վրայ նստած՝ առաջին սերունդներէն աշակերտուհի մը կ՚ըսէր, որ օր մը անդրադարձած էր, որ ինք այնքա՛ն բան ստացած էր այս դպրոցէն, այնքա՛ն պաշար հաւաքած, որ պէ՛տք էր բան մը ետ տար, իր մասնակցութիւնը բերէր հայ մշակոյթին։ Տիկին Լուսին եթէ լսէր այս խօսքերը, վստահաբար իր անուշիկ ժպիտը պիտի պայծառանար…
Վարձքդ կատար, Տիկին Լուսին։ Եւ անսահման շնորհակալութիւն…

 

 

 

 

Յասմիկ Շահինեան