Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ ընդունելով Դամասկոսի մէջ արաբ երիտասարդական բանակումի մասնակիցներու մէկ պատուիրակութիւնը յայտարարած է, թէ «մեր թշնամիները պարտուած են»:
Ասատ ըսած է, որ մասնաւորապէս այս փուլին կարեւոր գրաւ դրուած է արաբ երիտասարդութեան վրայ: Սուրիոյ նախագահին կարծիքով՝ «արաբական աշխարհը հարուածող բոլոր դաւադիր ուժերուն նպատակը մէկն է՝ կազմաքանդել եւ ոտնահարել դիմադրութեան ոգին, բան մը, որ մեր թշնամիները չկարողացան իրականացնել շնորհիւ նաեւ մեր երիտասարդութեան» եզրակացուցած է Սուրիոյ նախագահը: