image

«Մենք պէտք ունինք 4 միլիոն արաբ գաղթականի» Անկէլա Մերքէլ

«Մենք պէտք ունինք 4 միլիոն արաբ գաղթականի» Անկէլա Մերքէլ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտնած է, որ Գերմանիա ապաստանած սուրիացի փախստականներու թիւը մէկ միլիոն 800 հազարի հասած է, եւ անոնք բոլորն ալ արդէն տիրապետած են գերմաներէնին ու արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներու մէջ աշխատանքի անցած: Այս մասին կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Մերքէլ շեշտած է նաեւ, որ սուրիացի փախստականները Գերմանիոյ համար կարեւոր աշխատոյժ են, եւ որպէսզի երկրի արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտը 20 տոկոսով աճի, Գերմանիա պէտք է Սուրիայէն, Լիբանանէն, Իրաքէն եւ Պաղեստինէն 4 միլիոն փախստական ընդունի, պայմանով, որ վերջիններս ենթարկուին երկրի օրէնքներուն, այսինքն՝ նախ տիրապետեն լեզուին, յետոյ նշեալ ոլորտներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալեն:

Մերքէլ անդրադարձած է նաեւ այն հանգամանքին, որ մինչեւ օրս ոչ մէկ բախում տեղի ունեցած է գերմանացի ժողովուրդին ու սուրիացի փախստականներուն միջեւ, որուն պատճառը երկրի բնակչութեան զարգացած ըլլալն ու փախստականներուն օրէնքի ենթարկուելու ունակութիւնն է: