«Հըզպալլա» կուսակցութեան առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ելոյթ մը ունենալով այսօր յայտարարեց, որ երկրին մէջ այսօր տիրող իրավիճակին համար պատասխանատու են բոլոր կողմերը. «Մենք բոլորս պատասխանատու ենք այս վիճակին համար ու մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտաւոր է ընդունիլ իր վրայ եղած պատասխանատւութիւնը»։
Նասրալլա նաեւ նշեց, իր այսօրուան իրավիճակը վերջին երեք տարիներու արդիւնք չէ, այլ հարցերը կուտակուած են վերջին տասը տարիներուն, հետեւաբար սխալ է մեղադրել այսօրուան իշխանութիւնները։
Նասրալլա նաեւ ըսաւ, որ երկրի տնտեսական ոլորտին բարեփոխման համար նախատեսուած բարեկարգումները չպէտք է թիրախ դարձնեն երկրի անապահով խաւերը եւ ամէն ինչ կատարուի շատ նուրբ եւ խելացի կերպով հեռու պահելով երկրի համաժողովրդային պոռթկումէ։
Սէյիտ Նասրալլա նաեւ նշեց, որ գործող կառավարութիւնը տակաւին ոչ մէկ բարեփոխում կամ նոր հարկեր դրած է, սակայն երկրին մէջ տիրող իրավիճակն է, որ ստիպեց ժողովուրդին այս ոճով պոռթկալու։
«Ժողովուրդը այսօր, յատկապէս անապահով խաւերը չեն կրնար նոր հարկեր ընդունիլ եւ այս մէկը պարտաւոր ենք հասկնալ»,- ըսաւ Հասան Նասրալլա, նշելով, որ ժողովուրդին կողմէ եղած պոռթկումը արդարացի է։ «Հըզպալլա»ի Առաջնորդը նաեւ յիշեցուց, որ նոր հարկեր դնելու ճամբով բարեփոխումներ իրականացնելու մօտեցումը սխալ է, անընդունելի եւ կրնայ անկառավարելի վիճակներու տանիլ երկիրը։
Նասրալլա նաեւ նշեց, որ «Լիբանանը սնանկացած երկիր չէ եւ այսօրուան կառավարութեան առջեւ կան բազմապիսի լուծումներ ապահովելու համար տնտեսական սպասուած բարեփոխումները, սակայն այդ բոլորը պէտք է կատարուին հաւաքական ճիգով եւ համաձայնութեամբ»,-եզրակացուց շիիթ Առաջնորդը։
Հասան Նասրալլա նաեւ նշեց, որ իրենք կտրականապէս դէմ են, որ Վարչապետ Հարիրիի կառավարութիւնը հրաժարի նշելով նաեւ, որ Լիբանանի համար շատ դժուար պիտի ըլլայ նոր կառավարութիւն մը կազմելը ու եթէ այսօրուան կառավարութիւնը անկարող է երկրի հարցերը լուծելու, ապա նոյնպէս ցանկացած նոր կառավարութիւն պիտի չկարողանայ լուծել երկրի հարցերը։
Նասրալլա իր պատգամը ուղղեց ցուցարար ժողովուրդին նշելով, որ «այսօր երկրի բոլոր քաղաքական պատասխանատու կողմերը ստացան ձեր պատգամը եւ հասկցան ձեր բողոքի արդար ըլլալը։ Դուք շատ անկեղծ էիք եւ ձեր անկեղծութեան մասին, ոչ ոք կասկած ունի»,-նշեց Հասան Նասրալլա, ըսելով, որ «ցուցարարները պէտք է ըլլան զուսպ եւ կիրթ, որովհետեւ բոլոր անոնք որ դատի մը եւ գաղափարի մը համար կը պայքարին ու կը բողոքեն, պարտաւոր են ըլլալ կիրթ եւ պատասխանատու»։
Նասրալլա պատասխանելու բոլոր այն ձայներուն, որ ինչու «Հըզպալլա»ն փողոց չիջնէր եւ չի մասնակցիր ցոյցերուն ըսաւ «Մենք մօտէն կը հետեւինք եւ կը լսենք այդ ձայները, եւ այսօր անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ մեր փողոց իջնելը այլոց փողոց իջնելու չի նմանիր ու եթէ մենք վճռենք փողոց իջնել, ապա շատ դժռուար է, որ փողոցէն դուրս գանք...» ըսաւ Նասրալլա։
Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք միշտ ալ ժողովուրդի կողքին են ու երբեք պիտի բարտօնեն, որ Լիբանանը քանդուի. Ան այս առումով մասնաւորապէս ըսաւ «Մենք մեր ժողովուրդի կողքին ենք, մենք թոյլ պիտի չտանք որ այն երկիրը, որուն համար շատ արիւն տուած ենք հրկիզուի եւ քանդուի...։ Անյոյս ըլլալը պարտութեան նշան է, անյոյս ըլլալը պարտուողներու կեցուածքն է եւ մենք վճռած են պայքարիլ մինչեւ վերջ»։
Իր խօսքի աւարտին Նասրալլա յստակացուց, որ բոլոր անոնք, որ կը փորձեն այսօրուան իշխանութիւնը եւ նախագահ Աունի քաղաքական իշխանութիւնը եւ նստաշրջանը տապալել պիտի ձախողին ու ան այս առումով ըսաւ,- «Ես խորհուրդ կու տամ, բոլոր անոնց որոնք կը փորձեն տապալել նախագահական նստաշրջանը հրաժարին այդ գաղափարէն, որովհետեւ վստահ ենք, որ անոնք պիտի ձախողին իրենց յետին ծրագիրներուն մէջ». Եզրակացուց Հասան Նասրալլան։
Յիշեցնենք, որ Նասրալլա կը խօսէր Իմամ Ալի Ապի Թալէպի որդւոյն ՝Հիւսէյնի յիշատակի ոգեկոչման առթիւ։