Երեւանի նախկին փոխքաղաքապետ Վահէ Նիկոյեանին եւ քաղաքապետարանի ենթակայութեան տակ գործող ընկերութեան նախկին տնօրէն Գէորգ Յակոբեանին մեղադրանք առաջադրուած է։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնեցին Յատուկ քննչական ծառայութենէն։
Նիկոյեանին ու Յակոբեանին մեղադրանք առաջադրուած է նոյն քրէական գործի ծիրէն ներս։ Քննիչի կողմէն միջնորդութիւն ներկայացուած է զանոնք կալանաւորելու մասին։
ՅՔԾ-էն յայտնեցին նաեւ, որ առաջիկային լրացուցիչ տեղեկութիւն կը յայտնեն մեղադրանքներու վերաբերեալ։