image
Հրատապ լուրեր:

Մայր Աթոռէն ներս հոգեհանգստեան կարգ կատարուած է ապրիլեան պատերազմին զոհուած հայորդիներուն համար

Մայր Աթոռէն ներս հոգեհանգստեան կարգ կատարուած է ապրիլեան պատերազմին զոհուած հայորդիներուն համար

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան կարգ մատուցուած է մէկ տարի առաջ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ զոհուած զինուորներու հոգու խաղաղութեան համար։ Արարողութիւնը կատարուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի տնօրինութեամբ։ Պատարագին կը մասնակցէր նաեւ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, հաւատաւորներուն փոխանցելով կաթողիկոսի խօսքը, նշած է, որ իրենց աղօթքները առ Աստուած կը բարձրացնեն քաջարի զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար, որոնք հերոսաբար զօհուեցան ապրիլեան պատէրազմի ընթացքին։


«Ողջունում եմ ՀՀ մեծարգոյ վարչապետի ներկայութիւնը Սուրբ Էջմիածնի նուիրական տաճարում, ով եկել է իր աղօթակցութեամբ մասնակից լինելու հոգեհանգստեան այս արարողութեանը։ Մէկ տարի առաջ մեր խիզախ զինուորները կասեցրեցին Արցախի մեր ժողովրդի ազատ ապրելու իրաւունքին բռնացող ռազմական գործողութիւնները, արեան գնով յետ մղեցին հակառակորդին՝ վկայելով հայրենի երկրի մեր ժողովրդի նախանձախնդրութիւնը, ուժն ու կորովը եւ անպարտելի ոգին»,-ըսած  հոգեւորականը։


Անոր խօսքով՝ Մեծ պահքի այս օրը՝ Գալստեան  կիրակին, կը յիշեցնէ Տիրոջ գալուստը ու իր հաւատարիմ հետեւորդներուն յաւիտենական կեանքի շնորհին արժանացնելը։ «Մեր զոհուած հերոսները փոխադրուեցին հանդերձեալ կեանքի հանգրուան՝ մուտք գործելու յաւիտենութիւն եւ անանց երանութիւն ժառանգելու, քանզի անձնազոհութեան մեծագոյն առաքելութիւնը դրսեւորեցին»,-աւելցուցած է Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը։


Ապրիլի 2-ին` Գալստեան կիրակի 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմին զոհուած քաջարի հայորդիներուն համար հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցուոյ թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներուն մէջ։