Կիպրոսը բաղոք յայտնած է ՄԱԿ-էն ներս՝ կապուած Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի ազգային օդային տարածութիւնը եւ տարածքային ջուրերը շարունակաբար խախտելու հետ, յայտնած է Cyprus News Agency-ն։
Բողոքի նամակը ՄԱԿ-ի մէջ Կիպրոսի մշտական ներկայացուցիչ Փոլի Իոանուի կողմէ ուղարկուած է ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշին:
Նամակին մէջ բողոք կ'արտայատուի Թուրքիոյ կողմէ օդային երթեւեկութեան միջազգային կանոններու բազմաթիւ խախտումներու դէմ։
«Իմ կառավարութեան յանձնարարութեամբ ես այս նամակին կը ցեմ երկու փաստաթուղթ, որոնք մանրամասն կը նկարագրեն Կիպրոսի ազգային օդային տարածութեան խախտումները»,- ըսած է ան։
Դիւանագէտը նաեւ նշած է, որ «նման վարքագիծի լուրջ անհանգստութիւն կ'առաջացէ Կիպրոսի Հանրապետութեան մօտ եւ անոր ինքնիշխանութեան անընդհատ խախտում կը հանդիսանայ, նաեւ կը զօրացնէ Թուրքիոյ կողմէ ներխուժման եւ իրենց տարածքի շարունակական գրաւման աղէտալի հետեւանքները»։
«Թուրքիան կը շարունակէ Նիկոսիայի օդային տարածքին մէջ պարբերաբար հետապնդել քաղաքացիական եւ ռազմական օդանաւերը»,- աւելցուցած է ան։
1947-էն Կիպրոսի Հանրապետութեան հիւսիսային մասը շարունակաբար գրաւող Թուրքիոյ նշուած գործողութիւնները ակնյայտօրէն ուղղուած են Կիպրոսի ինքնիշխանութեան կործանման»,- նշած է Իոանուն։