«Ալ Ճումհուրիյէ» թերթի լրագրող Նապիլ Հայսամ իր յօդուածին մէջ անդրադառնալով Լիբանանի մէջ կայանալիք յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նշած է, որ այս անգամուան ընտրութիւններն իրենց անկանխատեսելիութեամբ նախօրդներէն շատ տարբեր պիտի ըլլան, բան մը, որ պատճառ դարձաւ նոր սահմանադրութեան շատերու կողմէ կասկածի տակ առնուելուն, նկատի ունենալով անոր դժուար ըմբռնելիութիւնը ոչ միայն հասարակ ժողովուրդին, այլ անգամ քաղաքական վերլուծաբաններուն համար:
Նոյն այս պատճառով էր նաեւ, որ շատեր կանխատեսեցին ընտրութիւններու յետաձգուելու հաւանականութիւնը, որուն եկաւ աւելնալու ներքին ու տարածաշրջանային որոշ ուժերու կողմէ նոր սահմանադրութիւնը որպէս զիրենք ընկճելու միջոց ընդունելուն, եւ զայն անուանեցին «ոչ հաւասարակշռուած օրէնք»:
Վերջիններուս պատրուակն այն է, թէ ըստ նոր սահմանադրութեան, ընտրութիւններուն յաղթող պիտի ճանչցուի «Հըզպալլա» ու անոր դաշնակիցները, եւ երկինրը վերջինիս նուէր պիտի շնորհէ:
«Հըզպալլա»ի յաղթանակի բնական արդիւնքը, ըստ անոնց, պիտի ըլլայ երկիրն իր իշխանութեան տակ վերցնելը, ինչպէս նաեւ երկիրը Ասատի եւ Իրանի տիրապետութեան տակ անցնիլը, որ եւ պատճառ պիտի դառնայ Լիբանանի ոչ նախանձելի իրավիճակի մէջ յայտնուելուն:
Յօդուածագիրը ընթերցողին ուշադրութիւնը հրաւիրած է յատկապէս այն հանգամանքին վրայ, որ արեւմտեան դիւանագէտներ որոշ լիբանանցի ղեկավարներու հաւաստիացուցած են, որ իրենք կը հաւատան, թէ Լիբանանի խորհրդարանային ընտրութիւններն որոշուած ժամկէտին պիտի կայանան, ինչպէս նաեւ շեշտած են, որ նկատելի է այս առումով պատկան մարմիններու լուրջ մօտեցումն ու ընտրութիւնները խանգարող հանգամանքներու բացակայութիւնը:
Արտաքին աշխարհը, եւ մանաւանդ Եւրոպան, ինչպէս կը յայտնէ յօդուածագիրը, կը պնդէ լիբանանեան ընտութիւններուն խաղաղ պայմաններու մէջ իրականացուելու անհրաժեշտութիւնը: