image

Լիբանանի Համացանցը Ներթափանցուա՞ծ

Լիբանանի Համացանցը Ներթափանցուա՞ծ

Լիբանան- («Ալ-Ախպար»- Պէյրութ)- Լիբանանի հաղորդակցութեան նախարար Պթրոս Հարպ, անդրադառնալով խորհրդարանական հաղորդակցութեան յանձնաժողովի կողմէ անցեալ շաբաթ բացայայտուած Իսրայէլէն ապօրինի կերպով համացանցային կապի Լիբանանէն ներս վաճառքի մասին, երէկ բարձրաձայնած էր այս փաստի ունեցած վտանգի լրջութեան մասին: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-Ախպար», նշելով, որ Պթրոս յայտարարած է, թէ բացայայտուած ապօրինի ցանցը կը գործէ զուգահեռաբար Լիբանանի պետական ​​ցանցին հետ եւ գործի կը դրուի անհատներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ: Կը նշուի նաեւ, որ վերջիններս  նախապէս նոյնպէս ներգրաւուած եղած են Baroque ցանցի միջոցաւ Իսրայէլի հաշւուն լրտեսութիւն ընելու գործին մէջ (2009): «Ինթրնեթի ցանցի մաքսանենքութեան բացայայտումով պարզ դարձաւ, որ մենք կանգնած ենք շատ լուրջ՝ Լիբանանի ազգային անվտանգութեանը սպառնացող վտանգի առջեւ, մանաւանդ որ առկայ տեղեկութիւններու համաձայն, իսրայէլեան ընկերութիւններ ներգրաւուած են եւ իրենք են մաքսանենգութեամբ զբաղուող կայաններու պէտքերը հոգացողները», ըսած է նախարար Հարպ  մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Աղբիւրի հաղորդմամբ, նախնական տուեալներու համաձայն վտանգը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ պետական ցանցի կողքին կը գործէ ապօրինի այլ ցանց մը, որ ինթրնեթ եւ միջազգային հեռահաղորդակցութեան ծառայութիւններ կը մատուցէ շատ աւելի աժան գիներով, քան պետութեան գիները, եւ որու հեղինակները տակաւին անբացայայտ, կը գործեն քաղաքական եւ անվտանգութեան ծածկոյթի տակ: Այս ցանցի գոյութիւնը նաեւ մեծ վնաս կը հասցնէ պետական պիւտճէին, որ կը գնահատուի տարեկան 60 միլիոն տոլարով, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ ոչ մէկ առիթ բաց կը թողէ լրտեսելու Լիբանանի վրայ: