image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանեան բանակը ծանր հարուած տուաւ Տահէշին. Սպաննուած է Նայէֆ Շահլանը

Լիբանանեան   բանակը ծանր  հարուած  տուաւ Տահէշին. Սպաննուած է  Նայէֆ  Շահլանը

Լիբանանեան  բանակը  յաջողած է       կարեւոր  ապահովական գործողութիւն մը  կատարել այս առաւօտ՝ սպաննելով Տահէշ  ահաբեկչական խմբաւորման պատասխանատուներէն  «Ապու ալ ֆոզ» անունով  ճանչցուած   Նայէֆ Շահլանը: Նշենք, որ գործողութիւնը  կատարուած է   Արսէլ  աւանի  լեռնային շրջանին մէջ եւ  բանակը,    հարուածը տալէ  ետք ապահովական խիստ կարգադրութըւններ կատարած է շրջանին մէջ: Տեղին կը համարենք յիշեցնել, որ  Արսէլ աւանի լեռնային հատուածներուն  մէջ  Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը      կարեւոր թաքստոցներ ունի: