image

Լիբանանեան բանակը կը յստակացնէ. «Միջամտեցինք, որ ապահովութիւնը վերականգնուի» (Վիտէօ)

Լիբանանեան բանակը կը  յստակացնէ. «Միջամտեցինք,  որ ապահովութիւնը վերականգնուի» (Վիտէօ)

Լիբանանեան բանակը հանդէս եկած է   պաշտօնական  հաղորդագրութեամբ  բացատրելով այսօր  Թրիփոլիի «Պատտաուի» շրջանին մէջ     արձանագրուած      միջադէպը։ 

 

 Ըստ   լիբանանեան  բանակի հաղորդագրութեան,  բանակի զինուորներ նկատելով, որ     բախումներ  կըլլան, մէկ  կողմէ      ցուցարարներուն եւ    եւ        շրջանին    մէջ գտնուող խումբի  մը  միջեւ    փորձած է միջամտել   դադրեցնելու համար բախումները, որմէ ետք   անծանօթ    կողմ  մը  բիրեր եւ քարեր նետած է բանակի   ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով ալ  բանակի զինուորներ  վիրաւորուած են։ 

 Ատկէ ետք բանակը  ստիպուած եղած  է արցունքաբեր կազ  օգտագործել  շրջանին մէջ   ապահովութիւնը  վերականգնելու   նպատակով։ 

 

 Նշենք, որ    լուրին կցուած  տեսերիզին  մէջ (տեսնել ներքեւը) եւս  յստակօրէն  կ՚երեւի, որ  բանակի զինուորները չեն, որ կրակ  բացած են ցուցարարներուն վրայ։ 

 

 

Յիշեցնենք, որ դէպքէն անմիջապէս ետք կառավարութիւնը     բանակէն   պահանջեց  արագօրէն  քննութիւն  բանալ եւ պարզել յանցաւոր  կողմին ինքնութիւնը։

 

 

 Կը  նշուի նաեւ, որ  զինեալ միջադէպին  հետեւանքով   վիրաւորուած են   վեց անձեր։