image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանեան բանակը Աքքարի մէջ ծանր հարուած մը տուած է Տահէշին

Լիբանանեան բանակը   Աքքարի  մէջ   ծանր հարուած մը   տուած է Տահէշին

 Լիբանանեան բանակը այսօր     կարեւոր գործողութիւն մը կատարած է  Տահէշին դէմ:   Դէպքը տեղի ունեցած է  Աքքարի   «Խըրպըթ Տաւուտ»  շրջանին մէջ եւ բանակը յաջողած է սպաննել Տահէշի մէկ զինեալ, մինչ 3    այլ ուրիշներ ձերբակալուած են: Արեւմտեան  բարձրաստիճան զինուորական բանբեր մը    բարձր գնահատած է    լիբանանեան բանակի   այս գործողութիւնը, զայն համարելով      գերազանցօրէն արհեստավարժ  գործողութիւն մը:     Տեղին է նշել, որ  Լիբանանի Աքքար շրջանը  ըլլալով Սուրիոյ սահմանին մերձ   շրջան մը դարձած է Տահէշ ահաբեկչական  խմբաւորման      թաքստոցներէն մին ու  անոր լեռնային հատուածները կը համարուին ահամբեկիչ խմբաւորումներու   կարեւոր կեդրոնատեղիներ: