Լիբանանեան «Յառաջդիմական» կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ օրերս մտահոգութիւն յայտնած է երկրին մէջ տիրող «քաղաքական լարուածութեան» վերաբերեալ: Տիւրզի ղեկավարը, որ խօսած է «Ալ Ժումհուրիայա» պարբերականին նաեւ նկատել տուած է, որ «ներկայիս քաղաքական հրապարակն վրայ առկայ փոխ-ատելութիւնն ու լարուածութիւնը կը վերանայ մօտիկ ապագային»: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ լիբանանեան բոլոր կողմերը ի մի կու գան, որովհետեւ «առանց երկխօսութեան Լիբանանի մէջ լուծումներ կարելի չէ ապահովել»:
Յիշեցնենք, որ Ուալիտ Ժոմպլաթ որդին է Լիբանանի անկախութեան կերտիչներէն համարուող տիւրզի ղեկավար Քամալ Ժոմպլաթին, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրէին (1977) զոհ գնաց անարգ սպաննութեան մը: