Լիբանանցի յայտնի ակադեմական Ղասսան Սալամէ (ծն.1951) քիչ առաջ յայտարարեց իր թեկնածութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕի նախագահութեան: Նշենք, որ քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր Սալամէ շրջան մը դասախօսած է Պէյրութի AUB եւ NDU համալսարաններուն մէջ: Ներկայիս Փարիզ հաստատուած մտաւորականը տասնեակ աշխատութիւններու հեղինակ է, որոնց հիմնական մասը նուիրուած է Միջին Արեւելեան հարցերու ուսումնասիրութեան: Սալամէ այս յայտարարութիւնը ըրած է LBCI կայանէն սփռուող «Քալամ Ալ Նաս» յայտագրին ընթացքին: