#6Իզապէլ Պայրաքտարեան
Ծնած է 1974ին, Զահլէ, Լիբանան: Պատանեկան տարիներուն փոխադրուած է Գանատա, ապա 1997ին պատուոյ գնահատականով աւարտած է Թորոնթոյի համալսարանը Biochemical Engineering (Կենսաքիմիական ճարտարագիտութեան) ճիւղը: Ան օփերայի երգչուհիի ասպարէզը սկսած է, երբ 2000-ին մասնակցած եւ նուաճած է առաջին մրցանակը, միջազգային Operalia մրցոյթին, հիմնադրուած Փլասիտօ Տօմինկոյի կողմէ:
Իզապէլը ելոյթ ունեցած է համաշխարհային բեմերու վրայ եւ արժանացած է չորս Ժունօ պարգեւներու, Գանատայի բարձրագոյն մրցանակին :
Իզապէլը, «The Lord of The Rings: The Two Towers» շարժապատկերի, ինչպէս նաեւ զանազան մրցանակներ շահող՝ «Արարատ» գանատական շարժապատկերին ձայնայինի երգչուհին է,:
#7. Կի Մանուկեան
Լիբանանահայ երաժիշտ, երգահան եւ դաշնակահար Կի Մանուկեան ծնած է 1976ին, Պէյրութ: Ան նաեւ պասքէթպոլ խաղցած է Լիբանանեան Պասքէթպոլի Պէյրութի Հ.Մ.Ը.Մի խումբէն, մինչեւ այդ մարզաձեւէն հեռանալը։
Մանուկեան աշխատակցած է Միացեալ Նահանգներու հռչակաւոր անուններու հետ: Արեւելեան մեղեդիները արդիական մշակումներով ներկայացնելու ոճը զինք հասցուցած է միջազգային հարթակներ, ինչպէս նաեւ դարձուցած է ամէնէ իւրայատուկ երաժիշտներէն մէկը: Ան ելոյթներ ունեցած է Լոնտոնի, Սինկափուրի, Գահիրէի, Տուպայի, Քուէյթի, Ապու Տապիի, Լոս Անճելոսի, Երեւանի, Սիտնիի, Պիպլոսի, Պէյրութի մէջ եւ այլն:
Մանուկեան 4 տարեկանին սկսած է նուագել դաշնակ: Ան ելոյթ ունեցած է հեռատեսիլով, երբ դեռ 6 տարեկան էր, իսկ 7 տարեկանին Լիբանանեան նախագահական պալատին մէջ: Տարի մը վերջ ան սկսած է յօրինել ու արժանացած իր առաջին մրցանակին:
Մանուկեան տակաւին շրջագայութիւններ կ'ընէ աշխարհով մէկ, մեծ մարզադաշտեր լեցնելով ու տոմսեր սպառելով: Իր ամէնէ նշանաւոր ելոյթն է Valentine's Day ի օրուայ առթիւ ներկայացումը, որ դարձած է Լիբանանի ուշագրաւ ու ամենայաջող այդ օրուայ նուիրուած միջոցառումներէն մէկը:
#8. Կրեթթա Թասլաքեան
Ծնած է 16 օգոստոս, 1985ին, Ղատիր, Լիբանան: Թասլաքեան լիբանանահայ վազորդ մըն է, 200 մեթր վազքի ախոյեան: Ան առաջին լիբանանցի կինն է , որ մասնակցած է երկու եւ երեք ողիմպիական խաղերու: Ան Լիբանանի ազգային մրցանիշ արձանագրողն է բացօթեայ 100 մեթրի, 200 մեթրի եւ 400 մեթրի: Ան մրցանիշ արձանագրած է նաեւ 600 մեթր վազքին:
Թասլաքեան երկու ոսկի մետալ նուաճած է ի պատիւ Լիբանանին 2007ի Pan Arab խաղերուն, որ տեղի ունեցած է Գահիրէի մէջ, Եգիպտոս: Ան իր անհատական լաւագոյն մրցանիշը արձանագրած է 200 մեթրի մրցումի 23.56 երկվայրկեանի ֆինալին:
2007 ին ան մաս կազմած է համաշխարհային ախոյեանութեան, 2008ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն, 2010 ին Ասիոյ փակ Աթլեթիզմի ախոյեանութեան, 2011ի Pan Arab խաղերուն: 2011ին 100 մեթրի մէջ արժանացած է արծաթեայ մետալին, իսկ 200 մեթրին մէջ ոսկի մետալին: 2011ին Ասիոյ Աթլեթիզմի ախոյեանութեան, նուաճած է արծաթեայ մետալ, նմանապէս 2012 ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն, միշտ ներկայացնելով Լիբանանը:
#9. Գրիգոր Ակոբեան
Բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեան ծնած է 14 դեկտեմբեր, 1942ին, Պէյրութ: Հաստատուած է Գանատա: Իր բացառիկ տաղանդը բացայայտուած է ուսանողական շրջանին, երբ կ'ուսանէր երկրաչափութիւն, Մոնթրէալի Concordia համալսարանի մէջ, 1967ին, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ դասախօսը ուղղէ զինք դէպի արուեստի եւ ձեւաւորման ճիւղերը: Գրիգոր հետեւած է նաեւ դասընթացքներու Ուաշինկթոնի Washington School of Fine Arts-ի մէջ:
1972ին, վերադառնալով Լիբանան, որպէս համալսարանի դասախօս յաջորդաբար դասաւանդած է Լիբանանեան տարբեր համալսարաններու մէջ, մինչեւ 1985, երբ վերադարձած է Գանատա: Ակոբեան ունեցած է 40 անհատական ցուցահանդէսներ, Պէյրութի, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է աւելի քան 250 հաւաքական ցուցահանդէսներու, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ,Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք:
Ճանչցուած է որպէս գերիրապաշտ ուղղութեան վարպետ եւ «Էյր Պրաշ» թեքնիք գորածածող: Ակոբեան ստացած է զանազան մրցանակներ. իր գործերը կարելի է գտնել թանգարաններու, անհատական կամ հանրային ժողովածոներու մէջ: Իր ստեղծագործական աշխատանքը տակաւին կը շարունակուի մինչեւ օրս:
«The961»
Ժասմին Լիլիան Տիապ
Բ. Մաս եւ վերջ