Լիբանանի մէջ ընթացք առած բողոքի ցոյցերը այսօր կը թեւակոխեն իրենց 11-րդ օրը։
Օրը կիրակի ըլլալով՝ Պէյրութի գլխաւոր ճանապարհներուն վրայ իրավիճակն աւելի հանդարտ է։
Լրատուական աղբիւրներ կը նշեն, որ ինչպէս անցնող օրերուն, այսօր եւս մայրաքաղաք տանող գլխաւոր ճանապարհները կը շարունակեն մնալ փակ։
Լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ բողոքի ցոյցերու ելած լիբանանցիներն այսօր կը պատրաստուին կարեւոր միջոցառում մը իրականացնել: Արդարեւ երկրի հարաւէն ընթացք առնելիք «մարդկային շղթայ»ի նախաձեռնութեան շնորհիւ լիբանանցիք ձեռք-ձեռքի տալով պիտի փորձեն անգամ մը եւս իրենց բողոքի ձայնը լսելի դարձնել ու պահանջել երկրի վարչապետին ու անոր ղեկավարած կառավարութեան հրաժարականը։
Կ՚ըսուի նաեւ, որ այսօր երեկոյեան ժամերուն մարդկային մեծ հոսքեր կը սպասուին, թէ Պէյրութի ցոյցի կեդրոններուն եւ թէ ալ Լիբանանի հիւսիսի մայրաքաղաք համարուող ՝ Թրիփոլի քաղաքին մէջ։
Լիբանանեան բանակը, որ երէկ տարբեր կէտերու մէջ կը փորձէր փակ ճանապարհները վերաբանալ, այսօր պարզապէս մօտէն կը հետեւի իրադարձութիւններուն։
Ցուցարարներուն մօտիկ աղբիւր մը նշած է, որ բողոքի ալիքին ճակատագիրն ու ցուցարարներուն առնելիք քայլերուն ուղղութիւնը յայտնի պիտի դառնան այսօրուան աւարտին հրապարակներուն վրայ գոյացած ընդհանուր պատկերի երեւումէն ետք։