Թուրքիոյ խորհրդարանէն (Միլի- Մէճլիս) ներս լարուած մթնոլորտ կը տիրէ՝ երէկ սկիզբ առած բանավէճերու հետեւանքով: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի Անգարայի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ երէկ ուշ երեկոյան HDP կուսակցութեան անդամ քիւրտ պատգամաւոր Ֆէրհաթ Էնջուի խօսքէն ետք ծանր բանավէճ սկիզբ առած է խորհրդարանին մէջ: Մեր աղբիւրը ըսաւ, թէ պատգամաւորը իր ելոյթի պահուն ոգեկոչած է Րոպոսքի (Ուլուտէրէ) շրջանին մէջ 5 տարի առաջ սպաննուածները եւ Թուրքիոյ ուժայիններուն արարքը համարած ոճրագործութիւն: Մասնաւորապէս ըսած է «2011-ին Թուրքիոյ իշխանութիւնները Րոպոսքիի (Թուրքիա- Իրաք սահմանին գտնուող քրտական աւան) մէջ սպաննեցին 34 անձեր, որոնց մէջ կային կիներ եւ երեխաներ: Այստեղ կը յայտարարեմ, որ թրքական ուժայիններուն արարքը ոճրագործութիւն է:» Էնջուի խօսքէն ետք AKP-ի անդամ երեսփոխաններ դիմադարձած են անոր խօսքերուն եւ զինք կոչած PKK -ի համակիր բան մը, որ լարուած մթնոլորտ ստեղծած է խորհրդարանին մէջ: Սկիզբ առած բանակռիւը վերածուած է հրմշտուքի եւ բռնցքամարտի, որմէ ետք խորհրդարանի խօսնակը պահանջած է փակել ժողովը:
Մեր տեղեկութիւններով, այսօր եւս նոյն լարուած մթնոլորտը կը շարունակուի խորհրդարանին մէջ: Տեղին կը համարենք նշել, որ Թուրքիոյ Միլլի Մէճիլիսին կողմէ յաառաջիկայ օրերուն քննարկուելիք կարեւորագոյն կէտերէն են՝ Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ սուրիացի գաղթականներնուն վերաբերող համաձայնագրին քննարկումը, վաւերացումը եւ HDP-ի խորհրդարանականներուն անձեռմխելիութեան վերացման հարցը: