Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Կիպրոսի հիմնախնդրի շուրջ յունական եւ թրքական կողմերու միջեւ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 18 յունուարին՝ գիտարուեստական մակարդակով, կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:
«Բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 18 յունուարին եւ նոյն կազմով, պիտի ըլլան ՄԱԿ-ի, կիպրոսեան երկու կողմերու եւ բանակցութիւններու երաշխաւոր երկիրներու ներկայացուցիչները»,- մանրամասնած է Չաւուշօղլու:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցան Կիպրոսի հիմնախնդրի շուրջ կղզիի թրքական եւ յունական հատուածներու առաջնորդներու միջեւ բանակցութիւններ: ՄԱԿ-ի նոր գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս ժնեւեան բանակցութիւնները նկարագրած էր որպէս յառաջընթացի «պատմական հնարաւորութիւն»:
Բանակցութիւններու երկրորդ փուլի գործընթացին միացած են Կիպրոսի անվտանգութեան երաշխաւոր երկիրներու՝ Մեծն Բրիտանիոյ, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ առաջնորդները: