image

Խուճապ Պէյրութի «City Center» կեդրոնին մէջ.Ի՞նչ էր պատճառը

Խուճապ  Պէյրութի «City Center»    կեդրոնին   մէջ.Ի՞նչ էր  պատճառը

Պէյրութի  Հազիմիէ շրջանին մէջ գտնուող «City Center» առեւտուրի կեդրոնի այցելուները տագնապի մատնուած են, երբ մօտ կէս ժամ ելեկտրականութիւնը անջատուած է եւ պատճառ դարձած է, որ յաճախորդները այդ ընթացքին փակուած մնան իրենց գտնուած վայրերուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Նահար» լրատուական կայքը:

Այս առթիւ առեւտրական համալիրի հասարակական կապերու պատասխանատու ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ճո Այյաշ յայտնած է, որ «Black Friday»ի զեղչերու առթիւ առեւտրական կեդրոն այցելած մեծ թիւով յաճախորդներու ստեղծած խճողումը պատճառ դարձած է, որ ելեկտրականութիւնը 2-3 անգամ անջատուի, որ իր հերթին  համալիրի ելեկտրական սնուցիչներու անսարքութեան առաջնորդած է:

Վերջինս շեշտած է նաեւ, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան անջատումները բնական երեւոյթ են եւ լիբանանցիք վարժուած են այդ վիճակին:

Համալիրի յաճախորդներու պնդմամբ, իրենց խուճապի պատճառը եղած է այն, որ ելեկտրականութեան անջատման պահուն բոլոր դուռերը փակուած են, եւ իրենք մօտ 20 վայրկեան ստիպուած եղած են սպասել: