«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի Ատենապետ Գրիգոր Խոտանեանը
-Վերջին օրերուն կարեւոր զարգացում համարուեցաւ ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ճոն Պոլթընի պաշտօնէն հեռացուիլը։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք նախագահ Թրամբի այս որոշումը։
Պէտք է ըսել, որ Պոլթընի հեռացումը կամ հրաժարականը, ինչպէս Պոլթըն ինք կ'ըսէ, անակնկալ էր, սակայն ոչ անսպասելի, քանի որ վերջին շրջանին ամերիկեան մամուլը յաճախ կ'անդրադառնար այն հարցին, նշելով որ տարակարծութիւն կայ Թրամբի այլ խորհրդականներու եւ Պոլթընի միջեւ։ Կը նշուէր նաեւ, որ տարակարծութիւններ կան յատկապէս պետքարտուղար Մայք Փոմփէոյի եւ Պոլթընի միջեւ եւ նախագահ Թրամբ կը կիսէր Փոմփէոյի տեսակէտները: Փաստ է նաեւ, որ Պոլթընը Նիօ-պահպանողական այն գործիչներէն է, որոնք ժամանակին թմբկահարեցին Իրաքի պատերազմը եւ որու հետեւանքները մինչեւ այսօր կը կրէ, Ամերիկան։ Պոլթըն կ'ուզէր նոյն քաղաքականութիւնը վարել հանրապետական այս իշխանութեան օրօք, սակայն Թրամբ աւելի զգուշաւոր էր, յատկապէս, որ իր նախընտրական պայքարի ընթացքին խոստացած էր ամերիկեան զօրքերը դուրս բերել Սուրիայէն, Իրաքէն, Աֆղանիստանէն եւ այլ վայրերէ եւ պատրաստ չէր նոր արկածախնդրութիւններու դիմելու, ինչպէս որ շատեր, յատկապէս պահպանողական շրջանակներու մէջ, կ'ուզեն Ամերիկան տեսնել այդ դերին մէջ:
-Կ'ըսուի, որ Պոլթընի հեռացումով Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձէ համաձայնութեան նոր եզրեր գտնել Իրանի հետ, արդեօք այդ մէկը իրաւացի՞ է, ի՞նչ է ձեր վերլուծումը:
Պոլթըն, Թրամբ եւ միւսները խորհեցան, որ եթէ ջնջեն միջուկային զէնքի շուրջ նախկին նախագահ Օպամայի օրօք ձեռք ձգուած համաձայնութիւնը, պիտի կարողանան Իրանը ծունկի բերել՝ տնտեսական ճնշումներու միջոցաւ, սակայն այսքան ժամանակ ետք, այդ գործելաոճը սպասուած արդիւնքը չտուաւ եւ հեռանկարն ալ այնպիսին է, որ Իրան պատրաստ չէ զիջելու եւ աւելի հակուած է դիմադրելու: Ատոր համար է, որ վերջերս Թրամբ սկսած է, նոյնիսկ ձեւով մը խնդրել (չակերտեալ), որպէսզի հանդիպում ունենայ ըլլայ իր եւ Իրանի նախագահ Ռոհանիին միջեւ։ Այս կը նշանակէ, որ դերերը շրջուած են, փոխանակ Իրանը խնդրէ, աղաչէ, պաղատէ, ընդհակառակը, ծիծաղելիօրէն պէտք է ըսել, որ անսովոր բան մը կը կատարուո Ամերիկայի համար, Ամերիկայի նախագահը հանդիպում կ'ուզէ Ռոհանիի հետ... Պէտք է ըսել, որ Թրամբի վարած արտաքին քաղաքականութիւնը քիչ մը անհաւասարակշիռ է, աւելի ճիշդ պէտք է ըսել, անկանխատեսելի է եւ միշտ յարափոփոխ, հետեւաբար, կարելի չէ շատ բան կառուցել Թրամբի վարած ընդհանուր քաղաքականութեան վրայ։
-Մեծ է թիւը անոնց, որոնք ներկայացած են որպէս թեկնածու այս կարեւոր պաշտօնին, ձեր կարծիքով ո՞վ է ամէնէն հաւանական թեկնածուն, որ պիտի ստանձնէ Պոլթընի պաշտօնը։
Նախ ըսեմ, որ թեկնածուի հարց չկայ, նախագահը ինքն է, որ կ'ընտրէ իր ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդականը, եւ Պոլթըն, այս կարճ ժամանակուան՝ երկուքուկէս տարուան ընթացքին արդէն երրորդ խորհրդականն էր: Այստեղ պէտք է յիշեցնել, որ Պոլթըն Թրամբի առաջին ընտրութիւնը չէր, ինք այս պաշտօնը նախ առաջարկած էր մի քանի այլ թեկնածուներու, որոնք մերժած էին զինք, կռահելով, որ Թրամբի հետ աշխատիլը դժուար պիտի ըլլայ, հետեւաբար, վերջաւորութեան աւելի յարմար մէկը չգտնելով, եւ հաւանաբար, շատեր խորհուրդ տուին, որ ինք Պոլթըն պէտք ստանձնէ այդ պաշտօնը:
Ներկայիս ամերիկեան մամուլին մէջ յստակ անուններ չկան եւ ենթադրութիւն կայ, որ Մայք Փոմփէօն, պետական քարտուղարի պաշտօնի կողքին, նաեւ դառնայ ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական: Ատոր նախընթացը կայ, Հէնրի Քիսինճըր ժամանակին երկու պաշտօնները միատեղած է, կրնայ ըլլալ, որ Մայք Փոմփէօն ստանձնէ այդ պաշտօնը եւ վարէ երկուքը՝ զուգահեռ: