image

Կարօ Փայլանը Սահմանադրական Համաձայնութեան Յանձնաժողովի Անդամ

Կարօ Փայլանը Սահմանադրական Համաձայնութեան Յանձնաժողովի Անդամ

Թուքիոյ մէջ սահմանդրական փոփոխութիւններու համար համաձայնութեան խորհրդարանական յանձնախումբը մը կազմուած է, որուն մաս կազմելու հրաւիրուած են նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները: HDP Կիրակի օր իր համանախագահները ընտրելէ ետք, նորընտրեալ համանախագահ Տէմիրթաշը յայտնած է, որ կուսակցութիւնը մաս պիտի կազմէ նշեալ նոր յանձնաժողովին: Աւելի ուշ տեղեկացուած է, որ HDP կուսակցութիւնը ներկայացուցած է յանձնախումբը մէջ իր երեք ներկայացուցոչներու անունները, որոնցմէ մէկն է պոլսահայ երեսփոխան Կարօ փայլանը, իսկ միւս երկուքը՝ Միթհատ Սանճար եւ Մէրալ Պէրըշ-Պէշթաշ: