Թրքական ռազմական պահակախումբը հրասայլերով եւ այլ ռազմական սարքերով մտած է Սուրիոյ հիւսիսային Իտլիպ նահանգի Սարմատա քաղաք, կը հաղորդէ Ruptly լրատուական գործակալութիւնը:
Washington Post-ի փոխանցմամբ՝ թրքական զօրքերու յառաջխաղացումէն ետք Սուրիոյ կառավարական ուժերը հրետակոծած են Իտլիպը, որու հետեւանքով 4 թուրք զինուոր մահացած է, 9-ը՝ վիրաւորուած:
Ըստ ռուսական լրատուամիջոցներու՝ ի պատասխան այս յարձակման՝ Թուրքիան Իտլիպի մէջ 46 կառոյց խոցած է:
Աւելի վաղ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ թրքական զօրքերը Իտլիպ ուղարկուած են, որպէս համալրող ուժ: Իսկ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանն օրեր առաջ յայտարարած էր, որ ռազմական գործողութիւններ պիտի սկսի Իտլիպի մէջ, եթէ հրադադարը չպահպանուի եւ Սուրիայէն գաղթականներու հոսքը դէպի Թուրքիա չդադրի: