image

Իտալիոյ մէջ 30 անձ ձիւնակոյտի փլուզման զոհ դարձած է

Իտալիոյ մէջ 30 անձ ձիւնակոյտի փլուզման զոհ դարձած է

Իտալիոյ Ֆարինտոլա աւանին մէջ «Փեսքարա» հիւրանոցին վրայ տապալուած ձիւնագունդը 30 կեանք խլած է, կը գրէ իտալական «Անսա» լրատուական գործակալութիւնը:

Նշուած է, որ ձիւնագունդի տապալման պատճառը երէկ Իտալիոյ կեդրոնական քաղաքները ցնցած երկրաշարժներն էին:

Ըստ աղբիւրին, դէպքը պատահած է այն պահուն, երբ հիւրանոցին մէջ կը գտնուէին 22 այցելուներ եւ 7 աշխատակիցներ, որոնք բոլորն ալ զոհուած են:

Յիշեցնենք, որ երէկ, 18 Յունուարին, Իտալիոյ կեդրոնական շրջանները ցնցած երկրաշարժներու շարքի ուժգնութիւնը 5.4 աստիճանի հասած էր: