Ազրպէյճանական Trend լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան նոր նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարած է, որ Իսրայէլի ու Ազրպէյճանի միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ բաւական զօրաւոր կերպով եւ լայն շրջանակով:
«Յարաբերութիւններու մակարդակը շատ բարձր է, եւ կարեւոր: Բոլոր ոլորտներու մէջ երկկողմանի փոխգործակցութեան ընդլայնումը կը համապատասխանէ մեր պետութիւններու շահերուն, եւ ինձ բաւական հեռանկարային կը թուայ»,- ըսած է Լիպըրման:
Խօսելով Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ համագործակցութեան մասին՝ Լիպըրմանն ընդգծած է, որ այդ հարցը կենսական կարեւորութիւն ունի Իսրայէլի համար: