Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի համաձայն, Իսրայէլի խորհրդարան (Քնէսէթ) յանձնուելու պատրաստ վիճակի բերուած է այն օրինագիծը, որ կ'արգիլէ ժամը 23:00-էն 7:00-ի միջեւ մզկիթներէ բարձրախօսով Էզանի կարդացուիլը:
Օրինագիծը հիմնուած է այն պնդումին վրայ, որ գիշերուան այդ ժամերուն Էզանի կարդացուիլը աղմուկի ապականութիւն է ու կը խանգարէ շրջապատի հանգիստը:
Որպէսզի օրինագիծը օրէնք դառնայ ու գործադրուի, պայման է որ ան վաւերացուի Քնէսէթի կողմէ երեք նիստերու ընթացքին: Ասկէ առաջ ալ օրինագիծը օրակարգի բերուած է, բայց Քնէսէթին յանձնուած չէր: Այս անգամ պիտի յանձնուի ու քուէրկութեան պիտի դրուի:
Կը հաղորդուի, որ վարչապետ Նաթանիահուն ալ կողմնակից է օրինագիծի ընդունման: