image

Իսրայէլի բանակը կը շարունակէ հարուածներ տալ Սուրիոյ մէջ. Մինչեւ ե՞րբ

Իսրայէլի  բանակը կը շարունակէ   հարուածներ տալ Սուրիոյ  մէջ. Մինչեւ ե՞րբ

 7 Դեկտեմբերի   առաւօտուն արաբական  լրահոսին   մէջ    հիմնական տեղ կը գրաւէր  իսրայէլեան   օդուժին       սուրիական բանակի   մէկ պահեստանոցին դէմ  կատարած  գրոհին  լուրը:

  Յարձակումը  տեղի ունեցած էր   Դամասկոսի   մերձ գտնուող «Մազզէ»  զինուորական օդակայանի  շրջագայքը, ուր կը  կարծուի  թէ      սուրիական բանակը         կարեւոր     պահեստանոց մը մը ունի:

 

     Գաղտնիք ալ չէ,  որ Սուրիոյ պատերազմին  շղթայազերծումէն    ասդին     իսրայէլեան բանակը «ամբողջական ազատութեամբ» մը վարուելով  տասնեակ գրոհներ  կը կատարէր     սուրիական բանակի   պահեստանոցներու կամ    զինուորական  շարասիւներու   դէմ:

 

   Զինուորական  գրոհէն      միայն   ժամ ետք  Իսրայէլի   պատերազմի նախարար ՝ Աւէկտոր Լիպէրման (պաշտպանութեան  նախարար ՝ խմբ. Ս. Ա.)   ընդուելով  Թէլ Աւիւի մօտ  հաւատարմագրուած  Եւրոպական Միութեան  դեսպանները  յոխորտանքով  կը խօսէր  եղածին մասին  ըսելով, որ  Իսրայէլ  այդ կերպ կը    շարունակէ  «նախայարձակ» քայլեր կատարել    «բարձրացնելու» համար   իր անվտանգութեան     «նշաձող»ը:

 

 Աւելին Լիպէրմէն, որ   քաղաքական միաւորներ   հաւաքելու    գործին   վրայ է,  դեսպաններուն  կը բացատրէր, որ Իսրայէլի համար կան երեք   «կարմիր գիծեր»:

 Ան կ'ըսէր «Մեզի համար  երեք   արգիլեալ կարմիր գիծեր  կան: 

Ա.  Իսրայէլի քաղաքացիին  անվտանգութիւնը

Բ.  Իսրայէլ  պետութեան սահմաններու  անվտանգութիւնը

Գ.   «Հէզբոլլահ»-ի  քիմիական  զէնքերու  չտիրանալու  կարմիր գիծը:

 

 

     Այստեղ   շատ  յստակօրէն կ'ընդգծուի Սուրիոյ դէմ   իսրայէլեան  օդուժին իրականացուցած   գրոհներուն    առնչութիւնը:

  Լիպերմանի   կատարած  յայտատարութիւնները    իսրայէլի  հանրութեան համար   նորութիւն էին: Նորութիւն   էին  յատկապէս, իրենց  շեշտադրումներով:    Այս առումով ուշագրաւ հարցադրումներ կը կատարէր  «Հաարէթց»  պարբերականի զինուորական  վերլուծող  Ամուս  Հարիէլ:   Հարիէլ   կ'ըսէր, որ        այս զինուորական  յարձակումը թէկուզեւ առաջինը չէ Սուրիոյ  բանակի  դիրքերուն  դէմ, բայց եւ այնպէս    ունի բաւական    վտանգաւոր  եւ հարցադրումներու  տուն տուող   թայմինկ մը:

Հարիէլ   զգուշացնելէ ետք   կառավարութիւնը  նման      «րիսքային»  քայլէ մը   ըսած էր, թէ   տեղի  ունեցածը  կրնար  լուրջ բարդութիւններ    ունենալ   կապուած    Թէլ աւիւ-   Մոսկուա   «հասկացողութիւններուն»:

 

  Վերադառնալով     Իսրայէլի «ռազմունակ»  քաղաքականութեան  մաս կազմող  այս քայլին  պէտք է  նաեւ  շեշտադրել, որ  այս առումով անցեալ  շաբաթ  բաւական «փոփորկալից»    յայտարարութիւններու  շաբաթ  մըն էր:    Հանրութեան   մէջ  մեծ   աղմուկ կը բարձրանար, երբ   իսրայէլեան  բանակի  դվիթըրեան պաշտօնական  էջը  կը հրապարակէր   քարտէզ մը, ուր   նշուած կ'ըլլար բանակի   գաղտնի սպասարկութեան  ճիգերով կազմուած   «Լիբանանեան  թիրախներ»ը ներկայացնող     ընդհանուր քարտէզ մը:  Թվիթըրի մէջ կը նշուէր նաեւ, որ  այս  քարտէզին հիմամբ  Իսրայէլեան բանակը   «իր տրամադրութեան»  տակ պիտի  ունենայ աւելի Լիբանանի մէջ զինուորական հարուածներու աւելի  քան   10.000  թիրխախներ:

 Այս  քարտէզի  հրապարակումէն ետք   երեւցած   աղմուկը  կապ ունէր   ամիսներէ ի վեր  լիբանանեան  հիւսիսային հատուածներուն  ուղղութեամբ նոր պատերազմ մը շղթայազերծելու  մասին եղած  խօսակցութիւններով եւ վերլուծումներով:

  Առաջին անգամը չէ, որ Իսրայէլ      նման   քաղաքականութեան մը   «դրօշակիր»ը կը դառնայ:  Այսինքն          «Հէզբոլլահ»ին դէմ    առկայ ժխտական    միջավայրին մէջ ստեղծել    հաշիւը  զինուորական ճանապարով «մաքրելու»  ձեւաչափեր: Անշուշտ ունենալէ  ետք   շրջանային, բայց մանաւանդ    միջազգային «կանաչ լոյս» մը:

 

  Ներկայ  հանգրուանին «Հէզբոլլահ»ին դէմ զինուորական գործողութիւն մը  սկսելու մարտավարութիւնը  ձեռնտու է, ոչ միայն   Իսրայէլին, այլ նաեւ    սիւննի    կարգ մը տէրութիւններու, որոնց      համար   լիբանանեան   այդ   կազմակերպութիւնը  դարձած է անբաղձալի  յատկապէս  Սուրիոյ  մէջ   վերջիններուս ունեցած   դերակատարութեան  հետեւանքով:

 

  Սակայն,  ինչպէս  իրենք  իսրայէլացի   վերլուծաբանները կը վկայեն  «Հէզբոլլահ»ի դէմ, որեւէ  զինուոդրական  քայլ մը  «պտոյտ» պիտի չըլլայ      բանակի մը համար,  որ  սկսած է   յոգնութեան   նշաններ տալ:

 

  Նախ  անոր համար, որ Լիբանանի դէմ   Իսրայէլ- «Հէզբոլլա»  վերջին      ճակատումին (2006 Յուլիս)     լիբանանեան  կուսակցութիւնը     օր դիմադրելէ ետք    կը գերեզմանէր  իսրայէլեան  բանակի   անպարտելիութեան առասպելը եւ երկրորդ     ի հեճուկս   այդ օրերուն Լիբանանի  մէջ տիրող քաղաքական ընդհանուր տեսարանին  այսօր    Լիբանանն աւելի միակամ է եւ անոր  նորընտիր նախագահ՝ զօր. Միշէլ Աունը  կը համարուի «Հէզբոլլահ»ի  թիւ մէկ դաշնակիցը:

 

 Այս  բոլոր    դրոյթները  հաշուի  առնելով  է նաեւ, որ իսրայէլեան    բանակի  բարձրաստիճան  ղեկավարութեան համար  այսօր    որդեգրուած   գլխաւոր  ռազմավարութիւնը,   ոչ թէ «Հեզբոլլահ»ին   դէմ նոր պատերազմ մը սկսիլն է ,  այլ     «կասեցնել»  անոր   զէնքերու  արդիականացման  «արշաւ»ը, որ ըստ  երեւոյթին      Սուրիոյ  պատերազմին  ամէնէն  թէժ փուլերուն իսկ դադար չունեցաւ:

 

 

   Խօսելով  լիբանանեան  ճակատին մասին պէտք է անպայման շեշտադրել, որ հակառակ  Սուրիոյ պատերազմի    մասնակցութեան պատճառով «Հէզբոլլլահ»ի կրած   մարդկային   բաւական լուրջ  կորուստներուն, կուսակցութիւնը կը  շարունակէ    մնալ  իր  անզիջող ( Իսրայէլի  դէմ քիր դրած   պահանջներուն)  մէջ:

 Աւելին     «Հէզբոլլահ»ի մօտիկ  վերլուծաբաններ չեն  թաքցներ, որ  ցանկացած ռազմական  գործողութեան պարգային, իրենք    ունին պատրաստի  ծրագիրներ, որոնց  հիմնական    գիծը  - անակնկալ գրոհներ եւ  ներթափանցումներ  կատարելու  գործելաոճն է:  Ներթածանցում, երբ կ'ըսենք կը խօսին  լիբանանեան   հարաւէն  դէպի իսրայէլեան հողեր   թափանցելու   ռազմավարութեան  մը մասին, որն ինքնին   կրնայ  բաւական  բարդ  դրութեան   մատնել     Իսրայէլի բանակը:

   Այս  առումով  պէտք է  ըսել, որ  երկու  կողմերը բաւական   լաւ  կը ճանչնան միմիայնց  թոյլ կողմերը ու ատոր համար է նաեւ, որ  Լիբանանի   դէմ  զինուորական մեծածաւալ   գործողութիւններու    շղթայազերծումը        կը բացառուի:

 

 Ճիշդ է, որ   կրնան  տեղի ունենալ  փոքր, կամ նոյնիսկ   կարճաժամկէտ     գրոհներ, բայց  եւ Իսրայէլ  եւ «Հէզբոլլահ» չեն  պատրաստուիր   «մեծ   պատերազմ»ի մը:

 

 

 Վերլուծելով   յատկապէս Իսրայէլեան կողմին  տկար   կէտերը պէտք է    շեշտադրել,  որ Իսրայէլի  ղեկավարութիւնը  այսօրուան  ու   մօտիկ ապագայի իր օրակարգին մէջ  չունի «Հէզբոլլահ»ը    «արմատախիլ» ընելու ծրագիրը եւ այդ մէկը ունի բաւական լուրջ  եւ տրամաբանական  պատճառներ:

 Իսկ  եթէ խօսինք  «Հէզբոլլահ»ին մասին պէտք է   տրամաբանուած կերպով վերլուծել այս կուսակցութեան ծննդոցը, անցած ճանապարհը եւ այսօրուան  դիրքերը հասկնալու  եւ ըմբռնելու համար, որ  «Հէզբոլլահ»ը  սոսկ   լիբանանեան    ծրագիր մը  չէ, հետեւաբար անոր       յառաջիկայի քայլերը  անպայման չէ, որ կ'որոշուին Լիբանանի  մէջ:

 Շիիթ-ԱՄՆ- Իսրայէլ  եռանկիւնին  մէջ «Հէզբոլլահ»ը  կարեւոր կշռաքար  է եւ յառաջիկայ հանգրուանին  տեղի ունենալիք     նոր ձեւակերպումներուն  կամ « բախման կանոններու» ընդհանուր        պրիսմակին մէջ   ան  պիտի գործէ  նախ  իրանեան  շահերուն համահունչ եւ ապա    յարգելով  Թեհրանի մեծ  դաշնակիցին՝ Մոսկուայի շահերը     տարածքաշրջանին մէջ:

 

 

 

 

 Վերադառնալով իսրայէլացի  ղեկավարներուն եւ յատկապէս պատերազմի նախարար       Աւէկտոր Լիպըրմէնի     կատարած  յայտարարութեան   պէտք է  նաեւ     հասնկալ   այդ  յայտարարութեան   խորքային պատճառները:

 Ի՞նչ պատճառով է, որ Լիպըրման նման «վրան բաց»  յայտարարութեամբ հանդէս կու գայ  եւ    Ռուսական կողմին    ներկայութիւնը հաշուի չառնող,  իր բանակին  քայլը  կը գովաբանէ:

 Լիպըրման  յայտնի է, իր բաւական ծայրայեղական  կեցուածքներով   առաջին անգամը չէ, որ նման      յայտարարութիւն մը կը կատարէ, բայց  երբ խօսքը կը վերաբերի       ուղղակի    Սուրիոյ    մէջ    եղած  գործողութեան  սա կը նշանակէ, որ գործիչը, իր խօսքով  բաւական յստակ «պատգամներ»  կ'ուղղէ:

 Առաջին  եւ յստակ պատգամը  ուղղուած է անշուշտ ԱՄՆ-ին, որուն  նոր կազմաւորուող ղեկավարութեան   Պաղեստին- իսրայէլեան թնճուկին վերաբերեալ    կեցուածքները ցարդ  յստակ  չեն:   Հոս է նաեւ, որ  Լիպըրման       «արագ քայլ»ով մը կը փորձէ ամերիկացիներուն     ցոյց տալ, իրենց     ունեցած եւ   պահպանած    «նշաձող»ին      հասակը:

 Այսինքն, մենք  պատրաստ են մեր ունեցած բոլոր միջոցները գործի դնել  ունենալով եւ հետապնդելով մէկ նպատակ, որն է    զսպել «Հէզբոլլահ»ի  զինանոցին արդիականացումը  եւ անշուշտ  խօսիլ  քիմիական   զէնքերու  վտանգաւորութեան  եւ   այդ զինատեսակին  սուրիական բանակին   մօտ ներկայութեան  մասին:

 Զարմանալի չէ  Լիպըրմանի  ԻՇԻՊ-ին  մասին       «յստակ լռութիւն»ը եւ  պարզ է նաեւ, որ Սուրիոյ տագնապին  սկիզբէն ի վեր  Իսրայէլ   որդեգրած է «չէզոք» դիրք մը գործի դնելով «հակառակորդիս հակառակորդը, իմ բարեկամս է» սկզբունքը:

 Այս    օրակարգերու ընդգծումէն  ետք է նաեւ, որ     Իսրայէլ  ամերիկեան կողմէ պիտի  ակնկալէ  յաւելեալ  «հասկացողութիւն» ու այդ  հասկացողութիւնէն բխող   գործակցութեան նոր հեռանակարներ:

 

 Ցարդ պարզ չէ, որ ԱՄՆ ինջ կեցուածք պիտի ունենայ       

 Ա. Վերաբնակեցման

 Բ.  Երկու  տէրութեանց լուծում

 Գ.  Իսրայէլ- պաղեստին բանակցութեանց   հարց

Դ. Եւ ամենակարեւորը ԱՄՆ-ի  «Հէզբոլլահ»ի      հանդէպ որդեգրելիք կեցուածք

 

 Այս բոլոր հարցերը կարեւոր են Իսրայէլի  կառավարութեան համար ու   ամերիկեան  «յստակացումներէ»  ետք է, որ  Թէլ  աւիւ   գործի պիտի դնէ  իր քաղաքական- զինուորական  համակարգերը:

 Եթէ   Տանըլտ Թրամփ    շարունակէ , իր  նախորդին ՝ Պարաք Օպամայի  ընդհանուր քաղաքականութիւնը,  ապա  շատ յստակ կը դառնայ, որ Իսրայէլ  «լռելեայն» նեցուկ  մը ունենալով կրնայ  զինուորական   «մասնակ»ի լուծումներու  լեզուով խօսիլ: Իսկ, եթէ Թրամփ    փոխէ  անցնող   վարչակարգի ընդհանու  կեցուածքները,  եւ      դէպի  Իսրայէլ մեծ  շրջադարձ մը կատարէ,  ապա   այն ատեն   շատ հաւանական է, որ     Միջին Արեւելեան ընդհանուր  դաշտը    կրնայ դառնալ աւելի արիւնոտ եւ  անտանելի եզերք մը:   

 Երկրորդ ՝ դէպի Իսրայէլ  յստակ շրջադարձ մը կատարելու  պարագան դժուար կիրառելի  մօտեցում մը պիտի ըլլայ,  տրուած ըլլալով, որ  Ուաշինկթըն  հետամուտ է    դրական   յարաբերութիւններ   կազմակերպել  Մոսկուայի հետ եւ    այդ «գործընկերութեան» մէջ անպայման ,  որ կան  Մոսկուայի «բարձր  լարում»ի  շահերը, որոնց   ամէնէն գլխաւորը «Հէզբոլլահ»ը  «պահպանելն»ն է, առ ի գնահատանք Սուրիոյ  մէջ       անոր ունեցած  կարեւոր եւ առանցքային դերակատարութեան համար:

 

 

  Խօսելով սուրիական  կողմին մօտ տիրող  ընդհանուր  տրամադրութիւններուն մասին  պէտք է յստակօրէն   նկատել,  որ նախագահ Պէշշար Աաստի համար  ճիշդ է, որ  դժուար է  «մարսել»    Իսրայէլի   կատարած  գրոհներն  ու  «ամենաթողութիւն»ը       բայց եւ այնպէս  յստակ է, որ     սուրիական բանակին  համար այսօր հիմնական  հարցը երկրի  ներսը  եղող ահաբեկչական   միաւորումներու      չէզոքացումն է:

 Չմոռնանք, որ երկար  տարիներ Իսրայէլի   «ամենաթողութիւնը»  զսպած   ամէնէն հիմնական ուժը    եղած է սուրիական  բանակը, որն այսօր   կը պատրաստուի     վերակազմակերպուիլ եւ    շարունակել     ահաբեկիչներուն   կամ «չափաւորական»   համարուած  զինեալներուն  դէմ թէժագոյն մարտերը:

 

 Սագօ Արեան

 

«Ժամանակ»/  Պոլիս