image

Իսրայէլցի ռազմական վերլուծաբանը «յայտնուած է» Տէր Զօրի մէջ

Իսրայէլցի ռազմական վերլուծաբանը «յայտնուած է» Տէր Զօրի մէջ

Սուրիոյ ռազմական կեդրոնական լրատուականը լուսանկարներ հրապարակած է, ուր պատկերուած է «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթի ռազմական վերլուծաբան Ռոն Պըն Եաշայ Տէր Զօրի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին դիմաց, նախքան քաղաքի ազատագրումը «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներէն:

Լուսանկարներուն կից մեկնաբանութիւն տեղադրուած է, ուր նշուած է, թէ յիշեալ լուսանկարները հրապարակուած են Իսրայէլի Կրթութեան նախարար Նաֆթալի Պինէթի թուիթըրեան էջին, նախքան Տէր Զօրի ազատագրումը «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման զինեալներէն, բան մը, որ կ'ապացուցէ վերջիններուս եւ Իսրայէլի սերտ կապը: