image

Իսրայէլացի Խախամ մը կ'օրինականացնէ պաղեստինցիներու սպաննութիւնը

Իսրայէլացի Խախամ  մը     կ'օրինականացնէ  պաղեստինցիներու սպաննութիւնը

Իսրայէլ- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Արեւլեան հրեաներու «սաֆարտիմ»   համայնքի  գլխաւոր ռապպիներէն Ռապպի Իսահակ  Եոսէֆ   «Ֆէթվա»  (կրօնական հրովարտակ)  մը հրապարակած է, որու համաձայն բոլոր դանակ շալկող պաղեստինցիները պէտք է սպաննուին, նոյնիսկ նախքան դատավարութեան ներկայացուիլը: Խախամը ան նաեւ յայտնած է, որ  «այդ   պաղեստինցիներուն  սպաննութիւնը  թոյլատրելի է եւ մերձեցում է Տիրոջմէ»: Այս մասին կը փոխանցէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը, նշելով, որ իսրայէլցի  ռապպին նաեւ նշած է, որ թերեւս դանակ շալկող պաղեստինցի մը սպաննելը կը հակասէ Իսրայէլի սպայակոյտի պետ՝ Կապի Այզնքութի  որոշման, որ զինուորներէն պահանջած էր  չշտապել պաղեստինցիները սպանելու մէջ, սակայն այս առումով պէտք է հետեւիլ հրէական օրէնքին: Ռապպին նաեւ աւելցուցած էր, որ եթէ պաղեստինցի մը, նոյնիսկ առանց դանակի, փորձէ յարձակիլ իսրայէլցիի մը վրայ, պէտք է ան ձերբակալուի եւ ցմահ բանտարկուի, մինչեւ «Քրիստոս փրկիչի գալուստը, որ  պիտի սպաննէ իսրայէլցիներու բոլոր թշնամիները, որոնց  գլխաւորները    պաղեստինցիներն են»: