image

Իսրայէլ- Լիբանան պատերազմը անխուսափելի է.Reuters

Իսրայէլ- Լիբանան պատերազմը անխուսափելի է.Reuters

«Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը յօդուած մը հրապարակած է «Հըզպալլա Միջին Արեւելքի խառնաշփոթէն յաղթական դուրս կու գայ եւ իր թշնամիները կը մտահոգէ» խորագրով:

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ «Հըզպալլա»ի օրէ օր աճող ուժը նպաստեց տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան սրացման, եւ անխուսափելի դարցուց Իսրայէլի հետ պատերազմը:

Ըստ յօդուածագիրին, «Հըզպալլա» 2011 թուականէն ի վեր տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակէն յաղթական դուրս եկաւ, նկատի ունենալով Սուրիոյ եւ Իրաքի պատերազմներու իր մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Եէմէնի մէջ Հուսիներու տրամադրած օժանդակութիւնը, բան մը, որ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի մօտ մտահոգութիւն առաջացուց:

«Իսրայէլ կը վախնայ, որ «Հըզպալլա» եւ Իրան կրնան Սուրիոյ մէջ մշտական ռազմակայաններ հիմնել, եւ «Հըզպալլա»ի օրէ օր աճող ուժը առիթ կու տայ տարածաշրջանի վերլուծաբաններուն մտածելու, որ ուշ թէ շուտ Իսրայէլի հետ պատերազմն անխուսափելի է»,- նշուած է յօդուածին մէջ: