image
Հրատապ լուրեր:

Իսլամ գաղթականներ կ'ուզեն քրիստոնեայ մկրտուիլ Գերմանիոյ մէջ

Իսլամ գաղթականներ կ'ուզեն քրիստոնեայ մկրտուիլ Գերմանիոյ մէջ

Գերմանիա- («Focus»)- Գերմանիոյ մէջ քրիստոնէական եկեղեցիները վերջերս գաղթականներու եւ փախստականներու կողմէ քրիստոնեայ դառնալու լայնածաւալ հետաքրքրութեան հաղորդագորութիւններ կը ստանան: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Focus» թերթը: Գերմանիոյ արաբական աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Միշէլ Եուսէֆի համաձայն, Հանովըրի մէջ շարք մը իսլամներ, որոնք ժամանած են Գերմանիա՝  հետաքրքրութիւն յայտնած են քրիստոնէութեան դարձի գալու, «Ներկայիս եօթ իսլամներ  արդէն մկրտուած են»,-ըսած է Եուսէֆ, որ նոյնպէս եգիպտացի գաղթական մը եղած է եւ ժամանած է Գերմանիա ու սկսած է ծառայել  Գերմանիոյ գաղթականներու հովուական խնամակալութեան մէջ, 2002-էն ի վեր: Եուսէֆ նաեւ նշած է, որ մօտակայ Ուինսըն քաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ Lower Saxony-ի մէջ նոյնպէս երկու պաղեստինցիներ քրիստոնէութիւն ընդունած են:

«Շատերու համար, եկեղցւոյ հետ առաջին կապը եղած է հեռախօսով կամ ելեկտրոնային նամակով: Նահանգի Աւետարանական եւ կաթոլիկ եկեղեցիները անոնց հետաքրքրութիւնը յագեցնելու համար  քրստոնէութեան մասին տեղեկութիւններ տրամադրած են անոնց՝ արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուներով, իսկ կրօնափոխ ըլլալ փափաքողներուն  համար նախնական դասընթացներ կազմակերպած են», -ըսած է Եուսէֆ:

Հանովըրի աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ Ռայնըր Քիէֆըր ըսած է, որ անոնցմէ շատեր նախքան Գերմանիա գալը, իրենց երկիրներէն արդէն սկսած էին հետաքրքրուիլ քրիստոնէութեամբ: Միւս կողմէ հովիւ Գյունթըր Օպորսքի «Focus»ին ըսած է, որ Հանովըրի եկեղեցին 1979-էն ի վեր կապի մէջ եղած է Իրանի քրիստոնէական հովապետարանին  եւ այնտեղի քրիստոնեայ համայնքին հետ: Այս առումով ան ըսած է, որ գաղթականներու թիւի աճը զգալի աճ արձանագրած է նաեւ կրօնափոխներու թիւին մէջ, զայն հասցնելով 300-ի՝ մէկ տարուան ընթացքին: «Մկրտութիւններ տեղի կ'ունենան ոչ միայն Հանովըրի մէջ, այլ նաեւ՝ գիւղերուն, ուր մեծ թիւով փախստականներ ապաստանած են եւ կապի մէջ են տեղւոյն քրիստոնէական համայնքներուն հետ»-ըսած է Օպորսքին: