image

Տասը օրուան մէջ երկրորդ դէպքը. Պէյրութի մէջ Քրիստոնեայ երիտասարդը անձնասպան եղած է. Պատճառը տնտեսական վիճակն է

Տասը օրուան մէջ   երկրորդ   դէպքը. Պէյրութի  մէջ     Քրիստոնեայ  երիտասարդը անձնասպան եղած է. Պատճառը  տնտեսական  վիճակն է

Շուրջ յիսուն օրէ  ի վեր  երկրին  մէջ ծաւալած     դէպքերը  կը  շարունակեն  իրենց ծանր հետեւանքներն ունենալ երկրի  աշխատաւոր խաւին վրայ։

Այսօր  Լիբանանի    մէջ գործող լրասփիւռներուն    գլխաւոր  լուրը     լիբանանցի երիտասարդ   Տանի Ապու Հայտարի  անձնասպան  ըլլալուն  լուրն է։

Այս մասին  յայտարարող  աղբիւրները կը նշեն, որ  41  տարեկան   Ապու Հայտար  անձնասպանութեան  դիմած է՝ անգործ մնալուն  հետեւանքով։

Ըստ «Էլ. Պի. Սի.Այ.»  կայանին,  դէպքը  տեղի ունեցած է   Պէյրութի Նապհա   թաղամասին մէջ,  ըստ    անձանասպանութիւն  գործած      եւ երեք զաւակներու  հայր Տանիի  եղբօր  ան այս քայլին դիմած է՝   իր    վրայ եղած   պարտքերը չկարողանալ  վճարելու հետեւանքով։ 

Նշենք, որ     շուրջ  տասը  օր  առաջ   Նաժի Ֆլիթի անունով  երիտասարդ մը նոյնպէս  այդ  քայլին դիմած էր եւ վերջ  տուած իր կեանքին։

  Ապի Նատէրի  մահով     երկրին մէջ   ծայր առած բողոքի ալիքին ընթացքին զոհուածներուն թիւը հասած է հինգի։