Իրաքի Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ անուանափոխութեան 150 դիմում բաւարարած է, որոնց մէջ երկու անգամ կրկնուած է Սատտամ Հիւսյէն անունը:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ անուանափոխութեան դիմում ներկայացնողներուն մէջ կար նաեւ Ուտայ անունը կրող անձ:
Նախարարութեան կարծիքով, նշուած անձերը անուանափոխութեան միջոցով կը ձգտին հասարակութեան հետ շփման ժամանակ հեռու մնալ ճնշուածութենէ, եւ անցեալն իրենց հետ կրելու պարտաւորուածութենէն: