image

Իրաքեան բանակի ջոկատներ յաջողեցան մուտք գործել Մուսուլի համալսարան

Իրաքեան բանակի  ջոկատներ յաջողեցան մուտք գործել Մուսուլի համալսարան

Իրաքեան  բանակի  ջոկատներ այս առաւօտ յաջողած են մուտք գործել Մուսուլի համալսարան: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին բանակայինները թէժ մարտեր մղելէ ետք յաջողած են ազատագրել համալսարանի առաջին մասնաշէնքերը: Մարտերը տակաւին կը շարունակուին:

Յիշեցնենք, որ 2014-էն ի վեր Մուսուլը գրաւած Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորումը անցնող ժամերուն ականահարած էր քաղաքի կանգուն մնացած վերջին 3 կամուրջները, դժուարացնելու համար իրաքեան բանակին յառաջխաղացքը: