image

Իրաքցի վերլուծաբան Հաշէմ Հաշէմի հողին յանձնուեցաւ. Ան սպաննուած էր երկրի ծանր վիճակին մասին գրառում մը կատարելէ 1 ժամ մը անց

Իրաքցի վերլուծաբան  Հաշէմ Հաշէմի հողին յանձնուեցաւ. Ան  սպաննուած էր   երկրի ծանր  վիճակին մասին  գրառում մը կատարելէ 1  ժամ մը անց

Ահաբեկիչներու ձեռամբ երէկ  սպաննուած իրաքցի  վերլուծաբան եւ  անվտանգութեան  հարցերով  կառավարութեան մօտ  նախկին խորհրդական՝ Հիշամ Ալ Հաշէմի այսօր  հողին յանձնուեցաւ։

Ի դէպ  Հաշէմիի սպանութիւնը մեծ  աղմուկ  բարձրացուցած էր երկրին մէջ, որուն համար  ալ    Ներքին Գործոց    նախարար  Օսման ԱլՂանմիի գլխաւորութեամբ  ստեղծուած  էր  յատուկ  մարմին մը՝  քննելու համար     քաղաքական  ենթաթեքստ  ունեցող   ոճիրին  հանգամանքները։

Իր  կարգին  երկրի   վարչապետ Մուսթաֆա Ալ Քազէմի, որ   խստօրէն   դատապարտեց դէպքը եւ  պաշտօնանկ  ըրաւ     Հաշէմիի  շրջանի   ապահովութիւնը ստանձնած  ներքին ուժերու  հրամանատարը։ Ան  նաեւ յայտարարեց, որ  Հաշէմին սպաննած  ահաբեկիչները անպայման պիտի  բացայատուին եւ     դատարանի առջեւ կանգնին։ 

Ըստ  «Ալ Արապիյա»    կայանին,  ՀաշԷմին սպաննուած է հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցէն քանի մը ժամ ետք միայն, ուր  ան  խօսած էր «Քաթիոշիա»  անունով  յայտնի խմբաւորումներուն մասին, յայտնելով թէ անոնք պաշտպանուած են իրանեան եւ իրաքեան կուսակցութիւններու  կողմէ:

Հաշէմիի սպանութիւնը մեծ ցնցում  առաջացուցած է   Իրաքի հասարակութեան համար: Ան իր սպանութենէն ժամ մը առաջ, Twitter-ի իր էջին վրայ անդրադարձած էր Իրաքի ներ-քաղաքական   վատթարացած   իրավիճակին: