image

Իրան դէմ է Ասթանայի ժողովին Ուաշինկթընի մասնակցութեան

Իրան դէմ է Ասթանայի ժողովին Ուաշինկթընի մասնակցութեան

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդականներէն Ալի Աքպար Վիլայէթի յայտնեց, թէ Իրան կը մերժէ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ասթանայի ժողովին Ուաշինկթընի մասնակցութիւնը, կը գրէ  «Ռոյթըրզ»:

«Ասթանայի ժողովին Ուաշինկթընի մասնակցութիւնը դուռ պիտի բանայ Սուրիոյ կառավարութիւնը տապալել ձախողած դերակատարաներու, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ու Քաթարի ներկայութեան դիմաց», ընդգծեց Վիլայէթի:

Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեան հարցին՝ յայտարարեց. «Մենք զիրենք չենք հրաւիրած»: Ան ապա աւելցուց. «Իրանն ու Սէուտական Արաբիան Սուրիոյ հարցին շուրջ պէտք է գործակցին»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախապէս յայտնած էր, որ Մոսկուա ճիշդ կը նկատէ Ղազախստանի մայրաքաղաք հրաւիրել ՄԱԿի եւ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմի ներկայացուցիչները: Ան ընդգծած էր, որ ատիկա պիտի ըլլայ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին հետ առաջին հանդիպումը, որուն ժամանակ կարելի պիտի ըլլայ սկսիլ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ուղղուած արդիւնաւէտ քայլերու քննարկման:

Նշենք, որ Ասթանայի մէջ Սուրիոյ հարցի լուծման նուիրուած բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունուար 23ին: