Ռուսիա- («Ալ-Նահար»-Պէյրութ)- Ռուսական գաղտնի սպասարկութեան մարմինները (FSB) արգիլած են ռուս երիտասարդ աղջիկներու ճանապարհորդութիւնը դէպի Թուրքիա, ուր անոնք որոշած էին միանալ «ահաբեկիչներու» խումբերուն, այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Նահար»ը: Թերթը կը նշէ, որ դէպի Պոլիս մեկնելու պատրաստուող աղջիկներուն տարիքը կը տարուբերէր 18-30 միջեւ, ուր անոնք պիտի հանդիպէին ընկերային ցանցերու միջոցաւ ծանօթացած տղամարդոց:Ինչպէս կը պատմէ «Նահար»ը, ռուսական գաղտնի սպասարկութեան անդամները ներկայացած են երիտասարդուհիներուն եւ բացայատած են անոնց այդ մարդոց «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամ» ըլլալը: Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ երիտասարդուհիները, որոնց թիւը չէ յիշուած, իրենց ազատ կամքով հրաժարած են Թուրքիա մեկնելէ, յայտնելով, որ իրենք սիրահարուած եղած են այդ տղամարդոց, որոնք չեն նշած իրենց ահաբեկչական կազմակերպութիւններու պատկանելիութեան մասին եւ վճարած էին իրենց դէպի Թուրքիա թռիչքի տոմսերու ծախսը: