Լիբանանեան «Ալ Տիար» օրաթերթը կարճ նիւթ մը հրապարկելով տեղեկութիւններ հրապարակած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի առօրեային մասին: Թերթը, որ գրած է, թէ իր տեղեկութիւնները ստացած է Ասատի մօտիկ աղբիւրէ մը նկատել տուած է, որ Սուրիոյ նախագահը կը զարթնի առաւօտ ժամը 6:30-ին: Ան ժամ մը մարզանքով կը զբաղուի եւ ժամը 7:30-ին թեթեւ նախաճաշէ մը ետք, կ'անցնի աշխատանքի: Ասատ օտար երկիրներու, դեսպանութիւններու եւ անվտանգութեան մարմիններու հաղորդագրութիւնները կը կարդայ, որմէ ետք կ'անցնի պատասխանատուներուն հետ հեռախօսազանգերուն (շուրջ 100 հեռախօսազանգ) եւ հանդիպում-ժողովներ կ'ունենայ:
Եւ թերեւս ամենակարեւոր հեռախօսազրոյցը որ կ'ունենայ ան, սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ֆահտ Ալ-ճասէմի հետ է, որմէ կը տեղեկանայ գետնի վրայ տիրող իրավիճակի եւ բանակի շարժումներու մասին:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ասատ կը միջամտէ իւրաքանչիւր մեծ ու փոքր մանրամասններուն գրելով, որ «բոլոր ռազմական գործողութիւնները կը վերահասկուին Ասատի կողմէ, կարծես ան բժիշկ կամ հանրապետութեան նախագահ չըլլար, այլ մասնագէտ սպայմը , որ կեանքը անցուցած է ռազմական գործունէութեան մէջ»,- կը նշէ աղբիւրը, աւելցնելով, որ անոր հրահանգով կը կատարուին ռազմական օդուժի բոլոր յարձակումները:
Աղբիւրը կը հաստատէ, որ «Նախագահ Ասատ միշտ հանգիստ է, ան նոյնիսկ երբեմն կը հանդարտեցնէ աւագ սպաներու եւ անոնց ենթականերու յուզմունքները. Ան օժտուած է դիմացկունութեամբ եւ որոշումներ կայացնելու մէջ՝ հաստատակամութեամբ, ինչը վստահութիւն կը ներշնչէ իր զինուորական հրամանատարներուն»:
Ճաշի ժամ
Ասատ իր ճաշը կ'ընտրէ յատուկ ուտեստներէ եւ սովորաբար քիչ կ'ուտէ, «Այդ իսկ պատճառով, կը նկատենք, որ ան իր կշիռքը նոյնը պահած է 12 տարիէ ի վեր՝ նախագահութիւնը ստնաձնած օրէն»:
Կէսօրէ ետք Ասատ կը հանգստանայ եւ կը շարունակէ կարդալ իրեն հետաքրքրող ռազմական փաստաթուղթեր, կը հետեւի սահմանի վրայ եւ երկրին մէջ տիրող անցուդարձին: Ետքը կը սկսի կարդալ ներքին պատերազմներու մասին փաստաթուղթեր եւ հետախուզական հաղորդագրութիւններ՝ արտերկրի մէջ տեղի ունեցած նորութիւններու շուրջ:
Ասատ կառավարութեան գործերուն կը հետեւի նախարարներու միջոցաւ. կապ կը հաստատէ տեղեկատուութեան նախարարին հետ եւ կը հետեւի լուրերուն եւ կ'որոշէ առնելիք քայլերը: Կապ կը հաստատէ Ներքին գործոց նախարարի եւ պաշտպանութեան նախարարին հետ, միաժամանակ, կը կապուի Սուրիոյ Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչին եւ ֆինանսներու նախարարին հետ, եւ մանրամասնօրէն կը հետեւի սուրիակական ելեւմտական շուկայի զարգացումներուն:
Ընթրիք եւ քունի ժամ
Պաշշար Ասատի ընթրիքը երբեմն խորոված ձուկ կ'ըլլայ եւ կամ դիւրամարս որեւէ սնունդ: Ան իր հրահանգները կը փոխանցէ, թելադրելով, որ իր քնացած ընթացքին որեւէ արտակարգ կարեւոր դէպք պատահելու պարագային, կրնան զինք արթնցնել: Իսկ մեծ խնդիրներ պատահելու պարագային պէտք չէ շփոթի ենթարկուիլ եւ անմիջապէս վերադառնալ իրեն , որպէսզի արագ եւ ճիշդ լուծման որոշում կայացնէ:
Օրուայ աւարտին Ասատ իր օրը կ'եզրափակէ անգլերէն նոր հրատարակուած գիրքեր կարդալով, որոնք տեղադրուած կ'ըլան անկողնի կողքը, եւ երբ քունի ժամը գայ, անկողին մտնելէն 10 վայրկեան ետք արդէն անմիջապէս քունի անցած կ'ըլլայ: