26 Տարի առաջ այս օրը սուրիական բանակի Միկ կործանիչներ ծանր հրթիռարարձակումներ կատարելով յաջողեցան ճամբայ հարթել արեւմտեան Պէյրութի մէջ տեղակայուած լիբանանեան եւ սուրիական բանակի միացեալ զօրքերուն մուտք գործել Արեւելեան Պէյրութ եւ գրաւել Պաապտայի նախագահական պալատը: Օրուան զինուորական կառավարութեան վարչապետ Զօր. Միշէլ Աուն, հեռանալով Պաապտայի պալատէն, ապաստանեցաւ Պէյրութի ֆրանսական դեսպանատուն: Մինչ այդ թէժ մարտեր տեղի ունեցան մէկ կողմէ՝ սուրիական բանակին ու այդ օրերուն ընտրուած նախագահ Էլիաս Հըրաուիի հովանաւորութեան տակ եղող ուժերուն եւ միւս կողմէ Աունի տիրապետութեան տակ եղող բանակին միջեւ: Աունի ղեկավարած բանակին զինուորները մինչեւ վերջ դիմադրեցին ու հարիւրաւոր զինուորներ զոհուեցան, իսկ մարտերու աւարտին մեծ թիւով զինուորականներ գերի իյնալով բանտարկուեցան սուրիական բանտերուն մէջ: Արդիւնքը հետեւեալն էր՝ Զօր. Աուն, որ երկրի նախկին նախագահ Ամին Ժըմայէլի կարգադրութեամբ եւ «օրհնութեամբ» դարձած էր զինուորական փոխանցման կառավարութեան վարչապետ, ոչ միայն հեռացուեցաւ իշխանութիւնէն, այլ նաեւ ստիպուած եղաւ «քաղաքական ապաստանեալ»ի կարգավիճակով Փարիզ մեկնիլ:
Միշէլ Աուն, որ կը ներկայանայ որպէս երկրի նախագահական ընտրութեանց գլխաւոր թեկնածու, ցայսօր ալ ծանր քննադատութիւններու թիրախ է կապուած՝ 1990-ի դէպքերու: Անոր ընդդիմախօսներուն կարծիքով Աուն, որ աւելի վաղ յայտարարած էր մինչեւ իր վերջին շունչը մնալ Պաապտայի պալատէն ներս, շատ հաւանաբար թաքուն գործարքով մը հեռացաւ պալատէն՝ «լքելով» իր հաւատարիմ զինուորները, որոնցմէ շատերը զոհուեցան:
Նախագահ Էլիաս Հըրաուի Պաապտայի պալատ «արշաւելու» որոշումը անշուշտ միայն տեղական որոշում մը չէր, եւ բրօ-սուրիական ուժերուն Լիբանանի «յանձնումը» կը կատարուէր շրջանային որոշումով մը, որուն փոխարէն Սուրիան նեցուկ պիտի կանգնէր այդ օրերուն ԱՄՆ-ի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Միջազգային ուժերուն Սատտամ Հիւսէնի լուծէն ազատագրելու Քուէյթը:
Մինչ այդ ալ Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ալ Ասատ մեծ ազդեցութիւն եւ դեր ունեցած էր՝ «կառավարելով» Լիբանանի ներքին քաղաքական եւ ապահովական խոհանոցը:
Նոյն Ասատ, որ մեծ տարակարծութիւններ ունեցած էր Լիբանանի յառաջադիմական համարուող ճակատին եւ պաղեստինցիներուն հետ, բառին իսկական իմաստով յաջողած է պահպանել երկրի քրիստոնեայ համայնքները:
Այս բոլորէն անդին, Աուն ու հակառակ իրեն «շնորհուած» աքսորին, փորձեց ամէն գնով մնալ իր համակիրներուն կողքին, 13 հոկտեմբեր օրը վերածելով «յաղթանակի օրուան» մը: Ան, տարբեր առիթներով հանդէս գալով, «վառ կը պահէր» իր համակիրներուն «եռանդ»ը, որոնց համար կը վերածուէր «իրական հերոս»ի մը, որուն հիմնական նպատակն էր երկիրը ազատագրել սուրիական ուժերու տիրապետութիւնէն:
Աուն, որուն ըմբռնումներուն մէջ չկային կրօնական դաւանումներ, կը յաջողէր ժողովրդային հաակրանքի մեծ գետին մը շահիլ, որովհետեւ հանրութեան կը ներկայանար, որպէս ոչ կրօնական ըմբռնումներով քաղաքացիական եւ արդար պետութեան մը ջատագովը:
Ըստ այդ օրերու վարչապետ Սէլիմ Հըսի, կառավարութեան անդամ պաշտպանութեան նախարար Ալպէր Մանսուրին, Աուն մեծ սխալներ գործած էր եւ ան կը կրէ այդ օր Պաապտայի պալատի անկումի օրուան ընթացքին բանակայիններու սպաննութեան պատասխանատուութեան կարեւոր մասը:
Տեղին է նշել, որ Զօր. Միշէլ Աուն, նախքան Սուրիոյ դէմ կրակ բանալը ընդհարումի կ'երթար հիմնականին մէջ Մարոնի գլխաւոր զինուորական ուժ համարուող «Լիբանանեան ուժեր» բաւական ուժեղ միլիցին հետ սպառելով լիբանանեան «քրիստոնէական շրջաններ» ու դիմադրական ուժը, որ կայացած էր 1975-ի քաղաքացիական պատերազամէն շղթայազերծումէն շրջան մը ետք:
Այս բոլորէն անդին, Աուն, իր աքսորի մէջ գտնուած տարիներուն մեծ ճիգեր կը տանէր դատապարտելու համար սուրիական բանակային ուժերու ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ: Ան նոյնիսկ կը սատարէր, որ ամերիկեան գոնկրէսը Լիբանանի մէջ սուրիական ներկայութեան դէմ յատուկ յայտարարութեամբ մը հանդէս գայ:
15 տարի աքսորուած մնալէ ետք 2005-ին Աուն կը վերադառնար Լիբանան: Ան կը փորձէր գործակցիլ սուրիական ուժերու դէմ եղող «14 Մարտ»ի քաղաքական ուժերուն հետ, բայց նկատելով հոն տիրող ընդհանուր իրավիճակը եւ «իշխանութեան» համար կռիւը ան, իր քաղաքական տեսակէտները վերատեսութեան ենթարկելով պատմական համարուած դաշինք մը կը կնքէր Շիիթ «Հըզպալլա»ին հետ եւ կարեւոր թեքում մը կատարելով գործակցութեան նոր էջ կը բանար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ:
Խորքին մէջ «Հըզպալլա»ին հետ կնքուած համաձայնագիրը կ'ունենար իր դրական երեւելի երեսները եւ կ'ամպրապնդէր Լիբանանի ընդհանուր անվտանգութիւնը:
Աւելի ուշ եւ նկատելով ներ-քրիստոնէական ճակատին մէջ ընդհանուր համերաշխական մթնոլորտի մը գոյացման կարեւորութիւնը ան կարեւոր որոշում մը առնելով նոր համաձայնութիւն մը կը կնքէր, իր երբեմնի «ոխերիմ» հակառակորդ համարուող համարուող Տօքթ. Սամիր Ժաժաայի եւ անոր ղեկավարած «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան հետ:
Այս բոլորը անշուշտ տեղի կ'ունենային առ ի պատրաստութիւն Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն:
Այսօր Աուն հանրութեան կը ներկայանայ, որպէս նախագահի հիմնական թեկնածու եւ այս առումով ան կը սպասէ սիւններու «կանաչ լոյսի»ին:
Յստակ է նաեւ, որ այս զինուորական հրամանատարը եւ քաղաքական տարբեր երանգներով, տարբեր անկիւններէ եւ տարբեր մօտեցումներով յաջողած է իր կնիքը եւ ստորագրութիւնը դնել, Լիբանանի մէջ եղած հիմնական գործընթացներուն վրայ:
Անոր հիմնական ուժը կը շարունակէ մնալ քաղաքացիական եւ ոչ կրօնական առանցքով քաղաքական մարտավարութեան մը հեղինակը ըլլալը:
Աուն, ինչպէս երէկ այսօր ալ կը հաւատայ, որ երկիրը կառավարելու իսկական ձեւը պէտք է ըլլայ քաղաքացիական պետականութեան մը ամրապնդումով: Ան համոզուած է նաեւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան քաղաքականութիւնը եղած աղէտաբեր ու այդ մօտեցումներուն դէմ ճակատ բանալու փոխարէն պէտք է ամէն գնով հզօրացնել Լիբանանի «ներքին տուն»ը:
Առաջադրանք մը, որ ցայսօր ալ կը զառնուի շրջանային «կարմիր լոյս»երու եւ համայնքներուն կողմէ բարձրացուած արգելքներու: