image
Հրատապ լուրեր:

Ինչ կը կատարուի Թարթուսի մէջ. «Ռուսական անհասկնալի տեղաշարժ»

Ինչ կը կատարուի Թարթուսի  մէջ. «Ռուսական անհասկնալի տեղաշարժ»

«Տէպքա» ամերիկեան հետախուզական կայքը պարզած է, որ ռուսական նաւ մը «կասկածայարոյց ռազմական բեռ» դատարկած է Թարթուսի  նաւահանգիստին մէջ, հարց տալով, թէ արդեօք Մոսկուայի բերածը «S-300» համակարգն էր:

 

Ռազմական աղբիւրներուն յղում ընելով, կայքը նաեւ ակնարկած է, որ « ռուսերը «շահագործած են» անկախութեան տօնի առթիւ Իսրայէլի զբաղուածութիւնը  եւ Սուրիոյ բանակին յանձնած են առաջաւոր հակահրթիռային պաշտպանական համակարգեր:

 

Կայքը նշած է, որ ռուսական նաւը չորեքշաբթի օր 18 ապրիլին Թարթուսի նաւահանգստ հասած է, ուր ռուսերը նախքան բեռի դատարկումը խիտ ամպեր առաջացնող կազեր արձակած են, որպէսզի փակուի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւերու եւ արբանեակներու տեսադաշտը, ինչը աւելի մեծ կասկած առաջացուցած է Իսրայէլի մօտ: