image

Իմ «Քորոնա» ժահրի քննութեան պատասխանը բացասական է. Արսէն Թորոսեան

Իմ «Քորոնա» ժահրի քննութեան պատասխանը բացասական է. Արսէն Թորոսեան

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը, որ մեկուսացած էր, քանի որ նախարարութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպք հաստատուած էր, ֆեյսպուքեան էջին նշած է.

«Իմ «Քորոնա» ժահրի քննութեան պատասխանը բացասական է: Ես որեւէ գանգատ չունիմ: Մօտ ժամանակներս շփումներս կը հասցնեմ գրեթէ 0-ի, որեւէ մէկը չվտանգելու համար»:

Նախարարը գրառման կից նշած է #ԱռողջԵղէք #ՊահպանէքԿանոնները #ԿանխէքՏարածումը հեշթեկները: