ԱԺ փոխնախագահ Լենա Նազարեանն այսօր՝ 16 նոյեմբերին գրութիւն ուղարկած է ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանին, որուն մէջ կը խնդրէ ներկայանալ ժամը 16։00-ին կայանալիք խորհուրդի նիստին, որու օրակարգին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Ծառակեանի պատգամաւորական լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով սահմանադրական դատարան դիմելու հարցը։
ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանն իր դիմատետրի էջին հրապարակած է այդ գրութւնն ու հետեւեալ գրառումը ըրած է․
«Արցախը թուրքի առաջ ծունկի բերածը վերջին ջղաձգումներով կը շարունակէ իր քաղաքական բռնաճնշումները։
Քիչ առաջ խմբակցութիւնը ստացաւ գրութիւն, որով Շուշին յանձնածը կ'ուզէ Գագիկ Ծառուկեանը զրկել նաեւ պատգամաւորական մանթատէն։
Եւ քանի որ երկու ժամէն համազգային հանրահաւաք է, ժանրի կանոններուն համաձայն, հանրահաւաքէն առաջ Ծառուկեանը կրկին հրաւիրած են ԱԱԾ»։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել