image

«Հըզպալլա»ի ռազմիկներ վար առած են Իսրայէլեան անօդաչու սարք մը(Վիտէօ)

«Հըզպալլա»ի   ռազմիկներ  վար  առած են Իսրայէլեան անօդաչու սարք մը(Վիտէօ)

 Ուշագրաւ  ապահովական    դէպք մը գրանցուեցաւ Լիբանանի  հարաւային «Նապաթիյէ»  շրջանին մէջ, որուն   հետեւանքով   իսրայէլեան անօդաչու սարք մը վար առնուած է։

 Այս մասին տեղեկութիւնը     հաղորդեց  Lebanon 24     կայքը։ 

 Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ      այսօր յետմիջօրէի  ժամերուն    «Հըզպալլա»ի մարտիկներ   կրակ բացած են Լիբանանի  օդային սահմանները հատած իսրայէլեան անօդաչու սարքի մը վրայ,  որուն հետեւանքով  ալ     սարքը   ինկած ու պայթած  է։ 

 

Նշենք, որ դէպքէն ժամ մը ետք   Իսրայէլեան  աղբիւրներ    ընդունեցին շրջանառուած վարկածը  եւ հաստատեցին, որ  իրենց բանակին պատկանող  սարք մը վար առնուած է։