Քուէյթեան «Ալ Ռայի» պարբերականը ուշագրաւ տեղեկութիւններ հրապարակած է երէկ լիբանաեան սահմանին գրանցուած զարգացումներուն վերաբերեալ։
Թերթը, որ յղում ըրած է Լիբանանի դիմադրութեան մօտիկ աղբիւրներու նշած է, որ «Հըզպալլա» կարողութիւնը ունէր թիրախ դարձնել իսրայէլեան բանակի հոգիանոց ջոկատ մը։
Նոյն աղբիւրը խօսելով «Հըզպալլա»ի այդ քայլէն հրաժարելուն մասին նշած է, որ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա հրաժարած է այդ գաղափարէն մտածելով, որ նման ծանրակշիռ քայլ մը կրնայ շրջանը մեծ պատերազմի մը տանիլ։
Յիշեցնենք, որ «Հըզպալլա»ի ռազմիկներ, երէկ պատասխանելով Լիբանանի հարաւային շրջանները ռմբակոծելու արարքներուն հրթիռ մը արձակած էին իսրայէլեան զրահապատ կառքի մը վրայ, սահմանային «Աւէւիմ» գաւառակին մէջ։
Տարբեր աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ իսրայէլեան բանակը կորուստներ ունի, մինչ Իսրայէլ մինչեւ այս պահը կը յայտարարէ, որ բանակը «Աւէւիմ»ի դէպքին հետեւանքով կորուստներ, կամ նոյնիսկ վիրաւորներ չէ ունեցած։